Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ ոստիկան Նազարէթ Ստեփանեան ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք փոխադրուած է հիւանդանոց: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Lebanon news դիմատետրի էջը նշելով նաեւ, որ Նազարէթ վիրաւորուած է ապահովական պարտականութիւն մը կատարելու պահուն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է օր առաջ եւ հայազգի ոստիկանը մինչեւ այս պահը կը գտնուի բժիշկներու խնամքին ներքոյ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ ան 36–ամեայ հայ ոստիկանը Պէյրութի Սին Էլ Ֆիլ շրջանէն է: