Հայ եկեղեցական եւ մտաւորական ներկայութիւնը շարունակեց իր արժէքաւոր ներդրումը միջազգային գիտական շրջանակներուն մէջ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Ս. Ներսէս ճեմարանի նախաձեռնած մասնագիտական գիտաժողովին։ Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն ժամանած գիտնականներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս հանդիպումը առիթ դարձաւ նոր լոյս սփռելու հայ մատենագրական աւանդութեան կարեւոր էջերէն մէկուն վրայ։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը Դասախօսեց Ս. Ներսէս Ճեմարանի Միջազգային Գիտաժողովին
Հինգշաբթի, 4 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ «Նստած օտարականի պէս. Եւագր անապատին մէջ եւ անդին» խորագիրը կրող գիտաժողովի առաջին օրուան աշխատանքներուն։ Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Ս. Ներսէս ճեմարանին կողմէ (Արմոնք, Նիւ Եորք), եւ եռօրեայ ձեռնարկին մասնակցեցան շուրջ քսան գիտնականներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն։
Առաջին նիստին ընթացքին, Անուշաւան Սրբազան ներկայացուց իր դասախօսութիւնը՝ «Եւագրը Ներսէս Արքեպիսկոպոս Լամբրոնացիի «Սաղմոսներու մեկնութեան» մէջ» նիւթով։ Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ թէեւ բանասէրները 5-րդ դարէն մինչեւ 14-րդ դարու հայ մատենագրութեան մէջ բազմիցս ընդգծած են Եւագրի ազդեցութիւնը, սակայն Ներսէս Լամբրոնացիի պարագան մեծ մասամբ դուրս մնացած է անոնց ուշադրութենէն։
Սրբազան Հայրը, զուգահեռներ գծելով երկու սուրբերու կեանքերուն միջեւ, ունկնդիրներուն ներկայացուց այն մէջբերումները, զորս Լամբրոնացին օգտագործած է իր լայնածաւալ մեկնութեան հատորին մէջ, եւ հանգամանօրէն վերլուծեց անոնց նշանակութիւնն ու աստուածաբանական արժէքը։
