image

Պատերազմէն դէպի փխրուն խաղաղութիւն․ Իրանի եւ Ամերիկայի համաձայնութենէն մինչեւ Միջին Արեւելքի բաց վէրքերը

Պատերազմէն դէպի փխրուն խաղաղութիւն․ Իրանի եւ Ամերիկայի համաձայնութենէն մինչեւ Միջին Արեւելքի բաց վէրքերը

Պատերազմէն դէպի պայմանաւորուած խաղաղութիւն․ ի՞նչ կը նախատեսէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու «փոխըմբռնման յուշագիր»ը

Մինչ Միջին Արեւելքը ամիսներ շարունակ կ՚ապրէր ռազմական բախումներու, փոխադարձ սպառնալիքներու եւ լայնածաւալ պատերազմի վտանգին տակ, այժմ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ձեւաւորուած «փոխըմբռնման յուշագիր»ին վրայ։ Թէեւ ան վերջնական համաձայնագիր չէ, սակայն կը դիտուի իբրեւ առաջին լուրջ քաղաքական շրջանակը, որ կրնայ ճանապարհ հարթել ոչ միայն իրան-ամերիկեան լարուածութեան մեղմացման, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման համար։

Փաստաթուղթը կը ներառէ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ միջուկային բնոյթ ունեցող շարք մը դրոյթներ, որոնց գործադրութիւնը նախատեսուած է փուլ առ փուլ։ Անոր առանցքային գաղափարը պարզ է՝ անմիջական զինադադար, փոխադարձ զսպուածութիւն, տնտեսական սահմանափակումներու աստիճանական վերացում եւ վերջնական համաձայնութեան հասնելու նպատակով ուղղակի բանակցութիւններու մեկնարկ։

Այդ պատճառով ալ «փոխըմբռնման յուշագիրը» պէտք է դիտել ոչ թէ իբրեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր, այլ որպէս անցումային քաղաքական քարտէս, որուն յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը կրնայ վճռորոշ ազդեցութիւն ունենալ ոչ միայն Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն, այլեւ Լիբանանի, Ծոցի երկիրներուն եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ապագայ անվտանգային դասաւորման վրայ։

 

«Պլումպըրկ» բացայայտեց Թեհրան-Ուաշինկթըն փոխըմբռնման յուշագիրին մանրամասնութիւնները

 Ի դէպ նախքան  «Փոխըմբռնման յուշագրի» ստորագրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ երէկ՝  Ուրբաթ օր,  Ամերիկեան «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հրապարակած է Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ձեռք բերուած փոխըմբռնման յուշագիրին հիմնական դրոյթները։ Ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններուն, փաստաթուղթին առանցքային կէտերէն մէկը կը նախատեսէ, որ ստորագրութեան անմիջապէս յետոյ Իրանը, Միացեալ Նահանգները եւ անոնց դաշնակիցները պաշտօնապէս յայտարարեն պատերազմական գործողութիւններու ամբողջական եւ վերջնական դադրեցումը բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ՝ Լիբանանը։

Յուշագիրին համաձայն, կողմերը եւ անոնց դաշնակիցները կը պարտաւորուին ապագային որեւէ թշնամական գործողութիւն չձեռնարկել, զերծ մնալ ուժի կիրարկման կամ նման սպառնալիքներէ, ինչպէս նաեւ յարգել փոխադարձ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ չմիջամտել մէկը միւսին ներքին գործերուն։

«Պլումպըրկ»-ի համաձայն, Թեհրանն ու Ուաշինկթըն համաձայնած են հիմնական շարք մը դրոյթներու գործադրութեան երաշխիքներ ստանալէ ետք անցնիլ ուղղակի եւ պաշտօնական բանակցութիւններու, որոնց նպատակն է վերջնական համաձայնութեան հասնիլ առաւելագոյնը 60 օրուան ընթացքին։ Այս ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ, իսկ վերջնական փաստաթուղթը հետագային պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին՝ պարտադիր բնոյթ ունեցող որոշումի ձեւով ընդունուելու համար։

Ռազմական եւ ծովային բաժինին մէջ յուշագիրը կը նախատեսէ, որ ստորագրութենէն անմիջապէս ետք Միացեալ Նահանգները վերացնէ Իրանի դէմ ծովային շրջափակումը եւ կանխէ որեւէ խոչընդոտ կամ միջամտութիւն։ Իրանի կողմէ նախատեսուած է 30 օրուան ընթացքին վերականգնել նաւարկութեան բնական ընթացքը՝ հաշուի առնելով առկայ խոչընդոտներու հեռացման անհրաժեշտութիւնը։

Նոյն ժամանակ, Ուաշինկթըն կը պարտաւորի վերջնական համաձայնութեան ստորագրութենէն ետք 30 օրուան ընթացքին դուրս բերել իր ուժերը, մինչ այդ երկու կողմերը կը պահպանեն ներկայ իրավիճակը։ Այս շրջանին Իրանը պիտի շարունակէ իր ներկայ միջուկային ծրագիրը, իսկ Միացեալ Նահանգները նոր պատժամիջոցներ պիտի չկիրարկէ եւ շրջանին մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը պիտի չուժեղացնէ։

Տնտեսական եւ միջուկային բաժիններուն մէջ յուշագիրը կը նախատեսէ փոխադարձ պարտաւորութիւններ եւ լայնածաւալ տնտեսական արտօնութիւններ։ Ըստ «Պլումպըրկ»-ի, Ուաշինկթըն կը պարտաւորի ազատ արձակել սառեցուած իրանեան դրամական միջոցներն ու գոյքերը, ինչպէս նաեւ անմիջապէս արտօնութիւններ տրամադրել իրանեան նաւթի, նաւթաքիմիական արտադրանքներու եւ անոնց հետ կապուած դրամատնային ծառայութիւններու նկատմամբ կիրարկուող պատժամիջոցներուն առնչութեամբ։

Միացեալ Նահանգները նաեւ համաձայնած է փուլ առ փուլ վերացնել Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները՝ համաձայն այն ժամանակացոյցին, որ պիտի ամրագրուի վերջնական համաձայնութեան մէջ։ Բացի այդ, Ուաշինկթըն իր տարածաշրջանային գործընկերներուն հետ պիտի համագործակցի Իրանի վերականգնման եւ տնտեսական զարգացման ծրագիր մը մշակելու ուղղութեամբ։ Այդ ծրագրին համար նախատեսուած է առնուազն 300 միլիառ տոլարի ֆինանսաւորում, իսկ գործադրութեան մեխանիզմները պիտի ճշդուին նախատեսուած 60 օրուան ընթացքին։

Իրանի կողմէ յուշագիրը վերահաստատած է, որ երկիրը երբեք պիտի չարտադրէ միջուկային զէնք, մինչ կողմերը համաձայնած են հարստացուած նիւթերու ճակատագիրին եւ միջուկային թղթածրարին վերաբերող մնացեալ հարցերուն անդրադառնալ վերջնական համաձայնութեան շրջագիծին մէջ։

 

Պատերազմէն ետք․ վէրքերը աւելի երկար կ՚ապրին…

Անգամ մը եւս Միջին Արեւելքը կանգնեցաւ պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ անորոշ սահմանագիծի մը վրայ։ Թէեւ Իրանի շուրջ բռնկած լայն ճգնաժամը, ըստ երեւոյթին, կը շարժի դէպի հանգուցալուծում, սակայն անոր ստեղծած վախը, կորուստները, տեղահանութիւնները եւ անորոշութեան զգացումը արդէն իսկ խոր հետք ձգած են միլիոնաւոր մարդոց կեանքին մէջ։ Ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ այն, ինչ առաջին օրերուն անտանելի ու ցնցիչ կը թուէր, աստիճանաբար վերածուեցաւ առօրեայի մէկ մասի։

«Մարդը շատ սպանութիւն կրնայ տանիլ», գրած է  ամերիկացի գրող՝ Ֆրանք Մաքքորթը։ Դառն իրականութիւն մը, որ կը խօսի մարդկային դիմադրողականութեան մասին, բայց նաեւ կը յուշէ, թէ որքան արագ կարելի է ընտելանալ բռնութեան։ Իրանի պատերազմը այդ իրողութեան ամենէն ցայտուն օրինակներէն մէկն էր։ Ամիսներ շարունակ շրջանը ապրեցաւ օդային հարուածներու, փոխադարձ սպառնալիքներու եւ անընդհատ յայտարարուող, բայց չիրականացող հրադադարներու մթնոլորտին մէջ։

Այսօր խաղաղութեան համաձայնութեան մասին կը խօսուի, եւ անոր համար կարելի է շնորհակալ ըլլալ։ Սակայն այդ համաձայնութենէն առաջ եղած իրադարձութիւնները դժուար է անտեսել։ Տարածաշրջանը տեսաւ ամերիկեան հարուածներ Իրանի դէմ, հաւանական բախումներ նաւթային ենթակառուցուածքներու շուրջ, Հորմիւզի նեղուցի փակումը, տնտեսական ցնցումներ եւ նոր անվտանգային տագնապներ։

Նոյնիսկ այն պահերուն, երբ խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններ կը կատարուէին, մարդիկ կը շարունակէին վճարել պատերազմի գինը։ Իրանի պատասխան գործողութիւնները հասան Յորդանան, Քուէյթ եւ Պահրէյն, իսկ նախորդ շաբաթներուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը եւս ենթարկուեցան հարուածներու։ Մարդիկ կորսնցուցին իրենց կեանքը, ենթակառուցուածքներ աւերուեցան, իսկ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած ապահովութեան զգացումը սաստկօրէն խոցուեցաւ։

Քաղաքական համակարգերն ու տնտեսութիւնները կարծես կը շարունակեն գոյատեւել կիսատ վիճակի մը մէջ, ուր բնական կեանքը երբեմն կը վերադառնայ, յետոյ դարձեալ կը խափանուի նոր լարուածութիւններու պատճառով։ Մշտական սպառնալիքը՝ նոր հրթիռներու, անօդաչու սարքերու կամ աւելի լայն պատերազմական գործողութիւններու, դարձած է առօրեայի մէկ մասը։

Բայց տնտեսական վնասէն անդին կան աւելի խոր հետեւանքներ։ Միլիոնաւոր մարդիկ ապրեցան պատերազմի հոգեբանական ցնցումը, անորոշութեան պայմաններու մէջ վերաձեւաւորուեցան անոնց անձնական, մասնագիտական եւ տնտեսական օրակարգերը։ Տարածաշրջանի բնակիչները ստիպուած եղան յարմարիլ իրականութեան մը, ուր խաղաղութիւնը այլեւս յստակ վիճակ մը չէ, այլ՝ փխրուն եւ մշտապէս փորձութեան ենթարկուող պայմանաւորուածութիւն։

Այս նոր իրականութեան համար նոյնիսկ նոր բառապաշար մը ձեւաւորուեցաւ։ Հրադադարները կը նկարագրուին որպէս «փխրուն», «ժամանակաւոր», «փորձութեան ենթարկուած» կամ «վտանգուած», մինչդեռ հրթիռները, սպանութիւնները եւ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին։ Պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ սահմանները կարծես մշուշոտ դարձած են։

Ամէնէն մեծ վտանգը այն է, որ երկարատեւ հակամարտութիւնները նոր իրողութիւններ կը ստեղծեն։ Տարածքներու գրաւումներ, տեղահանուած բնակչութիւններ, փոխուած քաղաքական հաշուարկներ եւ հակադրող շահեր՝ բոլորը կը դժուարացնեն նախկին իրավիճակին վերադարձը։ Այս պատճառով ալ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելը ինքնին բաւարար չէ։

Լիբանանի պարագային, տեղահանուած միլիոնաւոր քաղաքացիներուն վերադարձը եւ վերականգնումը մէկ օրէն միւսը պիտի չկատարուի։ Կազէն տակաւին բաց վէրք մըն է։ Իրանը կը շարունակէ պահել տարածաշրջանին եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ ազդելու կարողութիւնը, մինչ արաբական երկիրները կը մնան անվստահութեան եւ սպասումի վիճակի մէջ։

Եւ մինչ աշխարհը կը սպասէ բանական լուծումներու՝ երբեմն ամենաանհաւասարակշիռ դերակատարներէն, մարդիկ կը շարունակեն իրենց կեանքը ապրելու փորձը։ Որովհետեւ պատերազմը, որքան ալ սարսափելի ըլլայ, ժամանակի ընթացքին կրնայ վերածուիլ սովորական երեւոյթի։

Եւ թերեւս այդ է այս ամբողջ ողբերգութեան ամենէն ծանր հետեւանքը։ Ոչ միայն այն, որ մարդիկ կը զոհուին, այլ նաեւ այն, որ մարդ արարածը, ի վերջոյ, կը սորվի ապրել այն իրականութեան հետ, որ  ոչ մէկ կերպ պէտք էր բնական դառնար։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...