image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանադրական դատարանի 2 դատաւոր պիտի չմասնակցի ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման գործի քննութեան

Սահմանադրական դատարանի 2 դատաւոր պիտի չմասնակցի ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման գործի քննութեան

Սահմանադրական դատարանի երկու դատաւոր պիտի չմասնակցի յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման վերաբերեալ դիմումներու քննութեան։ Այս մասին կը տեղեկանանք Սահմանադրական դատարանէն։

Դատարանը քննելով «Նոր ուժ» կուսակցութեան դիմումը, որոշած է, որ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ Արտակ Զէյնալեանն ու Վլատիմիր Վարդանեանը չեն կրնար մասնակցիլ գործի քննութեան, քանի որ անոնք կանխակալ վերաբերմունք ունին որպէս կողմ հանդէս եկող անձի, անոր ներկայացուցիչի, դատավարութեան այլ մասնակիցներու նկատմամբ:

Սահմանադրական դատարանը նաեւ որոշած է գործով որպէս երրորդ անձ ներգրաւել «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը։

Սահմանադրական դատարանը որոշում կայացուցած է որպէս պատասխանող կողմ ներգրաւել Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, որպէս յարակից պատասխանողներ՝ ՀՀ դատախազութիւնը, ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ հակափտածութեան կոմիտէն։

Սահմանադրական դատարանը որոշած է ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու վերաբերեալ 7 քաղաքական ուժերու դիմումները միաւորել եւ քննել մէկ նիստով, որ պիտի կայանայ յունիս 26-ին։

Ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու դիմումներ ներկայացուցած են «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը, «Հայաստան» դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնը, «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն» կուսակցութիւնը, «Նոր ուժ» կուսակցութիւնը եւ «Յանուն հանրապետութեան» կուսակցութիւնը։