image

Ո՞րն է ցանկալին, ի դիմաց յաւիտենական բռնազբօսիկին. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Ո՞րն է ցանկալին, ի դիմաց յաւիտենական բռնազբօսիկին. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւնը, Իսրայէլեան Խաղքութիւնը Թէ՞ Լիբանանեան Արդարութիւնը

Օրին, երբ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութեանց օրակարգը հրապարակ նետուեցաւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (չ) օրհնութեամբ, ոչ մէկ վայրկեան իսկ չվարանեցայ մտածելու, հուսկ՝ յայտարարելու, թէ որեւէ հաւատք չունիմ, որ այդ փրփուրային ու պղպջակային միմոսութիւն-դերասանութիւնը կրնայ ծառայել խաղաղութեան։

Մարդ որքան կարճատես ու կոյր պէտք է ըլլայ, որ նման «հանդիպում» մը կրնայ խաղաղութիւն պարգեւել կողմերուն, երբ շուրջ երկու տարուան իսրայէլեան սպանդները, ջարդերը, քանդումները, ինչպիսի ահաւորութեամբ ու դաժանութեամբ գործադրուեցան, մինչ նախայարձակ կողմը, ո՛չ սաստուեցաւ, ո՛չ զսպուեցաւ, ոչ զգացուեցաւ, ոչ ալ պատժուեցաւ։

Եթէ ոմանք (կամ շատե՜ր) «հրաշք»ներ կը սպասէին Ուաշինկթընեան «անգագաթ եւ անպտուղ» բանակցութիւններէն, պարզապէս տհասներ էին, անգէտներ կամ անիրատեսներ, այնքան ատեն, որ չեն նշմարած կամ չեն հաւատացած, իրենց դիմաց գտնուող անմարդկային ճիւաղներու ու գիշատիչներու, մերթ քօղարկուած, մերթ ալ՝ բացէ ի բաց բարբարոսութեանց։

Ահաւասիկ, աւելի քան ամիս մը եղաւ, զանազան քաշքշուքներով ու լարախաղացութիւններով, մարդկութեան եւ աշխարհին վրայ խնդալը, թէ՝ ուր որ է, խաղաղութիւնը աղաւնիական թռիչքով պիտի յանգի եւ հանգչի իրենց ուսերուն։

Ի՜նչ հեգնանք, ի՜նչ պղծութիւն եւ ի՜նչ դիմակաւորութիւն, որոնք հրամցուեցան թէ՛ մասնակից ժողովականներուն, թէ խնդրոյ առարկայ երկիրներուն, մե՜նծ գոհունակութեամբ ու ցուցամոլութեամբ, Ամերիկայի նախագահ Տոնալտ Թրամփին գլխաւորութեամբ։

Լիբանանը, իր համեստութեամբ, անմարտունակութեամբ եւ անծայրայեղութեամբ, Իսրայէլը, իր ամբարտաւանութեամբ, անկուշտութեամբ եւ անպատկառութեամբ, իսկ Ամերիկան, հակառակ կայսրութիւն մը ըլլալու հեղինակութեան, իր լպրծուն եւ երկդիմի քաղաքականութեամբ, կրցա՞ւ որեւէ համոզիչ, գործնական եւ յուսադրող նախաձեռնութեան մը դիմել կամ կրցա՞ւ յաջողիլ իր յայտարարած, այսպէս ըսած, միջնորդութեան մէջ, թէ՞ այդ բոլորը վերածուեցան ջրահոսութեան, կողմնակալութեան եւ անշօշափելիութեան, եւ իրաւացիօրէ՛ն։

Մեր կարծիքով, այս օրինաչափութիւններով, տեղեկագրութիւններով կամ խորհրդակցութիւններով, կարելի չէ բանակցութիւններու մէջ մխրճուիլ, ոչ ալ այդ ճամբաներով, բարւօք ելքերով հանդէս գալ։

Թրամփը եւ իր աջակիցները, վստահաբար, առաւել կամ նուազ չափերով, կը գիտակցին կամ կը գուշակեն, թէ նման «սուր ու բարդ» տագնապ մը, կարելի չէ, մէկ օրէն միւսը լուծել եւ իրականացնել, մանաւանդ՝ երբ իսրայէլեան «խլուրդ»այնութիւնը, միշտ ի վիճակի է ու պատրաստակամ, վիժեցնելու որեւէ բարեացակամութիւն եւ յառաջդիմութիւն (անշուշտ, եթէ այդ ուղղութեամբ յստակ ու մեկին քայլեր ձեւաւորուին ու դրսեւորուին)։

Արդեօք, Թրամփ եւ ընկերք կը յիշե՞ն, թէ Մարտ 1979ին, նոյնօրինակ համախմբում մը տեղի ունեցաւ, դարձեալ Ուաշինկթընի մէջ, ընդ հովանեաւ, յատենի նախագահ Ճիմի Քարթըրի, մասնակցութեամբ Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթի եւ Իսրայէլի վարչապետ՝ Մենահիմ Պեկինի։

Արդի՞ւնք. Սատաթ, իր երկրին մէջ ստացաւ իր… հատուցումը, զօրահանդէսի մը ընթացքին գնդակահարուելով, որովհետեւ եգիպտացիները, երբեք յօժար ու համամիտ չէին, որ Եգիպտոս մուտք գործէր այդ «թունել»ի մէջ։

Ճիշդ է, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի չունեցան բախումներ եւ ընդհարումներ, որոնք երկիրը կրնային ապակայունացնել, բայց, նորընտիր նախագահը Եգիպտոսի, Հիւսնի Մուպարաք, որ ամերիկամէտ էր ու դիմակաւորուած իսրայէլամէտ, առիթ չտուաւ, որ իր ժողովուրդը հակադարձէ եւ ընդվզի «Քեմփ Տէյվիտ»ի դէմ, իսկ ատիկա «փրկեց» զինք փոթորիկներէ, թէեւ ժողովուրդը երբեք ալ չհամակերպուեցաւ այդ մօտեցումներուն, առանց դիմելու զգալի ապահովական ճակատումներու։

Ինչո՞ւ կը վերյիշենք այս կենդանի օրինակը, որպէսզի ցոյց տրուի, թէ Իսրայէլի հետ, որեւէ մերձեցում կամ շփում, հաշտ աչքով պիտի չդիտուի, քանի ատիկա իր արաբականութեան եւ ազգայնականութեան հետ խոտոր կը համեմատի։

Կասկած չկայ, որ երէկուան եւ այսօրուան պայմանները նոյնը չեն, հեռու են համեմատութիւն ըլլալէ, բայց, «վէրքն ու ցաւը» խորն են եւ կարելի չէ անոնց կողքէն անցնիլ սառնասրտօրէն եւ անտարբերօրէն, հետեւաբար, այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ այսօր, իր վաղուան հաւանական մագլցումներով, կրնայ գուժել անբարձալիութիւններուն յաջորդական եւ անսահման տխուր հետեւանքներ։

֍֍֍

Այսօր, նոյն «սենարիօ»ի նոր տարբերակն է, որ կը ցուցադրուի, սակայն բոլորովին նոր դերակատարներով, նոր հնարքներով եւ նոր ուղիներով, ուր աչք զարնողը, աւելի գազազած ու վայրենացած, խելագարուած եւ անասնացած մթնոլորտն է, Իսրայէլի գլխաւորութեամբ, որուն հետ, Թրամփն իսկ կը դժուարանայ համագործակցիլ, համաձայնիլ կամ համակերպիլ, որովհետեւ իր դէմ կը գտնէ վիշապ մը, սատանայ մը, որ իր խորամանկութիւններով ու լրբութիւններով կը փորձէ շրջանցել ամէն ինչ, նոյնիսկ մարդկային տարրական ու բարոյական արժէքներ ոտնակոխելով։

Բանակցութիւններուն կայացումը եւ ընդհատումը, շեղումը եւ անկիւնաւորումը, այս յամրաքայլութեամբ ու մակընթացութեամբ, արդէն ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլի վարչապետ՝ Բենիամին Նաթանիահուն ինչպիսի կարծրամէտութեամբ եւ անզիջողութեամբ կը վերաբերի այս հաստափոր թղթածրարին հետ, ամէն գնով, յաւելեալ տարածքներ գրաւելով, նորանոր ծուղակներու դիմելով, շահարկելով եւ թակարդային նոր դարպասներ բանալով։

Անկասկած, Ուաշինկթընի պետական այրերը կը գիտակցին այս «խաբեբային» լարերու թունաւորութեան, բայց, գէթ առայժմ, կը խուսափին այլ ընտրութիւն կատարելէն, սպասելով յարմար ժամուն ու պահուն, նկատի ունենալով որ՝ անիկա Բենիամինը, գիտէ, թէ իր էջը մութ ու խաւար է, երբ… զանգակները հնչեն։

Մինչ այդ, մեզ մտահոգողը եւ տագնապեցնողը այն է, որ Լիբանան ինչպէ՞ս դուրս պիտի գայ այս անելէն, ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէ թաքուն ու բացայայտ մարտահրաւէրները եւ ի՞նչ ճկունութեամբ պիտի գործէ, երբ իր դիմաց սկսած են ճօճուիլ նաեւ ներքին «բաղաձայններ» ալ, որոնք, առանց լրջօրէն վերաբերուելու այսպիսի աղմուկներուն ու վանկարկումներուն հետ, աւելի կը բարդացնեն կարգավիճակը եւ աւելի կը խորացնեն ճեղքերը, առանց անդրադառնալու (կամ անդրադառնալո՞վ), թէ այդ ձեւով, ինչպիսի փոսեր կը փորուին ամենուրէք։

Եւ հոս է հանգոյցին մեծ կոյտը ու թաւալքը, որովհետեւ՝ հո՛ն, Ուաշինկթընի մէջ կը բարբառեն, կ’որոճան ու կը ծամծմեն, ինչպէս Լիբանան-Իսրայէլ համախոհութիւն (՞) մը կարելի է գոյացնել երկու բեւեռներուն միջեւ։

Բայց, ատոնք հեզասահ ընթացք մը ունենալու համար կայ դիւրին ու կարճ անցք մը, անհրաժեշտ է համալրուիլ այնպիսի հիւսուածքներով, որոնք չեն կրնար խանգարուիլ ու խաթարուիլ, օտարամուտներու կողմէ կամ՝ մէկը միւսին հաշուոյն ունենայ շահոյթներ եւ առաւելութիւններ։

֍֍֍

Վերջին օրերուն (եւ ասիկա քանիերորդ անգամ), երբ խաղաղութեան գործընթացը կը շարունակէ իր… խաղքութեամբ ինքզինք պարտադրել կամ ինքզինք արդարացնել, նոյն պահուն, իսրայէլեան հրոսակները, իրենց ռազմական եւ օդանաւային միջոցներով, «կը հնձեն» լիբանանցի քաղաքացիները (ոչ ընդդիմութիւն կամ «Հըզպալլայ»ականներ), նոյնիսկ սպաննելով լիբանանեան բանակայիններ, որոնք ոչ մօտէն, ոչ ալ հեռուէն առընչակից են որեւէ առճակատային դիրքերու հետ, բայց «ճղճիմ» իսրայէլացիները, իրենց «թիթեռնիկ»ներով այլ զբաղում չունին, բացի, այսօրինակ ոճրարարքներ կատարելով, հաւատալով որ՝ անոնք նոյնիսկ պարզ քաղաքացիներն ալ կը դիպուկահարեն, ինչպէս ընդդիմութիւնը։

Անցնող շաբթուան տեղի ունեցան անտեղի ու դատապարտելի ոճիրներ, ամբողջ ընտանիք մը ենթարկելով հրթիռարձակումի, նաեւ երեք լիբանանցի բանակայիններ նահատակելով։

Եւ ասոնք, երբ Ուաշինկթընեան «համաձայնութեան» խեղկատակութիւնը կը շարունակուի, իսկ հոս, Լիբանանի մէջ, իսրայէլացի բռնապիղծեր ազատ-համարձակ… կ’որսան լիբանանցիներ, իրենց ընտանիքներով ու զինուորական ջոկատներով։

Հովանաւոր ու բանակցող կողմեր չե՞ն տեսներ, այս եւ նման բացայայտ վայրագութիւնները թէ՞ իրենց կատարածը դերասանական գայթակղութիւններ են, թքած ունենալով իրենց «առաքելութեան» վրայ, հոգ չէ թէ դիմացի կողմը տուժուի կամ զոհուի։

Լա՛ւ, հարց տուող չկա՞յ, թէ այդ ի՞նչ տեսակ բանակցութիւններ են, որոնք կ’ընթանան համաձայնութիւններու ու խաղաղութիւններու պիտակներուն տակ։

17 Ապրիլէն ի վեր, կ’արձանագրուի, շուրջ 3000 լիբանանցիներ թիրախաւորուած են եւ շուրջ տասը հազար ալ՝ վիրաւորներ, չհաշուած քանդումները եւ ականահարումները։

Պահ մը, միայն պահ մը, բանակցողներ թէ աշխարհի դէտեր, չե՞ն տեսներ, չե՞ն ապրիր այս ոճրարարքներուն ահաւորութիւնը, յետոյ ալ կը զառանցեն, որ, իրենք կը միտին դրական համաձայնութիւններու եւ անմիջական հրադադարներու իրականացումին։

Կա՞յ ասկէ աւելի մեծ եւ աննախընթաց խայտառակութիւն, ամբողջ երկիր մը քանդել ու ժողովուրդ մը անէացնել, առանց որ տխրահռչակ մարդասպանները զսպուին ու խստագոյն հաշուեյարդարներու ենթարկուին։

Այլապէս ալ, դարձեալ եթէ պահ մը հաւատք ընծայուի (՞), որ Ուաշինկթընէն «կանաչ լոյս» մը սփռուի, խաղաղութեան ընտրանքի գծով, մտածող կա՞յ, թէ տուժած կողմին, մարդկային թէ ինչքային «ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ»ները ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի ապահովէ։

Մեր կարծիքով՝ ո՛չ ոք։

Տոնալտները թո՛ղ խաբեն ու խաբուին իրենց… համախաբէութիւններով, Նաթանիահուներ՝ թո՛ղ լրբանան իրենց լրբութիւններով, իսկ ՄԻՆՈՒՃԱՐ Լիբանանը, այդ հրէշներուն դիմաց ի՞նչ կրնայ ընել կամ չընել, երբ գլխաւոր ԶՈՀը իր հայրենիքն ու իր ժողովուրդն են, որոնք ամենօրեայ դրութեամբ կը հրկիզուին ու կը գլխատուին։

Հետաքրքրական է, լիբանանեան ընդդիմութեան դէմ պայքարը ու հալածանքը ո՞ւր մնացին, երբ սատանայադէմ թշնամիներուն համար, Լիբանանն ու լիբանանցիները են, որ կ’անճիտուին, մնայուն թափով, լիբանանեան երկնակամարին վրայ թռիչք տալով իրենց խլացուցիչ ու նեղացուցիչ «տրոն»ներուն, որոնց վայելելու «պատիւ» կ’ունենան նաեւ Պէյրութ այցելող ամերիկացի ու ֆրանսացի, այսպէս ըսած, բանագնացներ։

Այս տխուր ու տհաճ համայնապատկերը, ամենօրեայ յաճախականութեամբ կը հրամցուին աշխարհով մէկ, պղծելի ու պղծուած խաղաղութեան դրօշակներուն տակ, երբ Լիբանանն ու լիբանանցիները կը տառապին, կը հիւծուին ու կը հալին անոնց տարափներուն տակ։

Ուաշինկթընի մշուշապատ հաւաքը, լիբանանցիները կը միացնէ թէ՞ կը բաժնէ, կ’ուրախացնէ թէ՞ կ’անջատէ իրարմէ։

Աչք ունեցողը, թո՛ղ տեսնէ, ականջ ունեցողը՝ թո՛ղ լսէ, արդարութիւն ակնկալողը, թո՛ղ փնտռէ, իսկ խաղաղութիւն պահանջողը՝ թո՛ղ… սպասէ։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան 
(Պէյրութ)