Ապրիլ 24-ին Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի առթիւ տեղի ունեցած է Սուրբ պատարագ:
Կէսօրին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ՀԲԸՄ կազմակերպած է Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի նուիրուած ոգեկոչում:
Ուշ կէսօրին կաթողիկոս պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի-ի նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ճեմարանի բակին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի նահատակներու յիշատակին նուիրուած սուրբ պատարագ:
Երեկոյեան երկրի գլխաւոր մայրուղիով հայ համայնքի բազմահազարանոց խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանէն քայլերթով հասած է մինչեւ Անթիլիասի մէջ գտնուող Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի առաջնորդարան: Առաջնորդարանի բակին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ պատարագ, որուն ելոյթով հանդէս եկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ն:
ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը ներկայ գտնուած է 104-րդ տարելիցին նուիրուած վերոնշեալ բոլոր միջոցառումներուն եւ ծաղկեպսակ զետեղած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղակայուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին: