Քապուլ- («Տայլի Սապահ»- Պոլոս)- Նուազագոյն վեց անձեր զոհուած են եւ քսանչորս անձեր՝ վիրաւորուած, Քապուլի մէջ Ռուսական դեսպանատան շէնքին մօտ եղած պայթումի հետեւանքով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»ը նշելով, որ պայթումը տեղի ունեցած էր երէկ, Չորեքշաբթի, երբ ահաբեկիչ մը ռուսական դեսպանատան առաջ ինքզինք պայթեցուցած է: Կը նշուի, որ ահաբեկիչի թիրախը եղած տեղական «Թօլօ» հեռուստաալիքի պաշտօնեաներ տեղափոխող հանրակառքը, որուն ան կը հետապնդէր :
«Թօլօ» հեռուստաալիքի պաշտօնեաները նշած են, որ յարձակման զոհ գացած են 7 անձեր, որոնցմէ 2-ը կիներ են:
«Սապահ» կը նշէ նաեւ, որ պայթումի հետեւանքով հանրակառքը կրակի բռնուած է եւ անվտանգութեան ուժերը շտապ կերպով շրջափակած են շրջանը եւ 24 վիրաւորեալները հիւանդանոց տեղափոխուած են:
Աղբիւրը կը նշէ, որ տակաւին ոչ մէկ խումբ, անոնց մէջ ըլլալով Թաիպանը՝ որդեգրած է գոծողութիւնը, չնայած որ անցեալ տարուան Օգոստոսին Թալիպանի շարժումը սպառնացած էր «Թօլօ» եւ «Ուան» հեռուստաալիքի ընկերութիւնները իրենց վրայ ահաբեկչական յարձակում գործելու ծրագիրէ:
Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանին դատապարտած է միջադէպը, որակելով զայն «վատհոգութիւն եւ աններելի» արարք: