image

«Պատերազմի ընթացքին մեր իրական հերոսը Սուրիոյ ժողովուրդն էր».Միսաք Պաղպուտարեան

«Պատերազմի ընթացքին մեր իրական հերոսը Սուրիոյ ժողովուրդն էր».Միսաք Պաղպուտարեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուրիոյ ՍիմՖոնիք նուագախումբի ղեկավար, մայսեթրօ Միսաք Պաղպուտարեան:

 

-Պրն. Պաղպուտարեան, ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ ստանձնեցիք Սուրիոյ պետական սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավարի պաշտօնը:


Նախ  պարտիմ ըսել, որ Սուրիոյ պետական  նուագախումբի հիմնադիր Սուլհ Ալ-Ուատի   մեծապէս   քաջալերած է  զիս, որ       երաժշտական   ոլորտի մէջ մասնագիտանամ։  1993-ին, ան  ինծի առաջարկեց  խմբավարութիւն ուսանիլ եւ իր հովանաւորութեան տակ խումբը ղեկավարել: Այդպիսով խմբավարութեան դասերու սկսայ, եւ 1994-ի դեկտեմբերին իմ առաջին մասնակցութիւնս բերի, իբր ղեկավար, Սուրիոյ պետական սիմֆոնիք նուագախումբին: 1995-ին, աւարտելէ ետք խմբավարի ուսումս, դարձայ նուագախումբի ղեկավար՝ Սուլհ Ալ-Ուատիի օգնական եւ այդ պաշտօնը վարեցի մինչեւ 1997-ի յունուարը՝ մինչեւ Իտալիա ճամբորդելս, ուր մեկնեցայ՝ խմբավարութեան բարձրագոյն ուսումս շարունակելու նպատակով: Ուսմանս ընթացքին, 2002-ի ապրիլին, դժբախտաբար, Սուլհ Ալ-Ուատին, Դամասկոսի մէջ, բեմին վրայ խմբավարած ատեն առողջական    տագնապ մը անցուց եւ այլեւս չկրցաւ խումբը ղեկավարել: Եւ այդպէս, Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութենէն հետս կապի մէջ մտան եւ խնդրեցին, որ վերադառնամ եւ խումբը ստանձնեմ:

Ընդառաջելով առաջարկին, 2002-ի հոկտեմբերին Դամասկոս վերադարձայ, համերգ մը ներկայացուցի եւ յունուար 2003-ին ստանձնեցի Սուրիոյ պետական սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավարի պաշտօնը, որ կը վարեմ մինչ օրս:

 

-Գիտենք, որ ութ տարուան պատերազմին հետեւանքով Սուրիոյ մշակութային տարբեր ոլորտներ եւս կրեցին մեծ վնասներ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր մշակութային ընդհանուր վիճակը Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ:


Ութ տարուան պատերազմը շատ ծանր էր, մանաւանդ որ,  ոչ մէկը կ'ակնկալէր որ 2011-ին սկիզբ առած խնդիրները այսպիսի մեծ պատերազմի  վերածուէին։ Իրականութեան մէջ պատերազմական գործողութիւնները չէին մշակութային կեանքին բուն վնաս հասցնողները, այլեւ  հոգեբանական  երեսը: Երբ մեծ թիւով հմուտ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ երաժիշտներ երկիրը լքեցին եւ ճամբորդեցին, խումբը բաւական տուժեց, որուն արդիւնքով մշակութային կեանքն ալ տուժեց։

Պատերազմի սկիզբը միշտ մենք մեզի հարց կու տայինք, թէ ինչպէ՞ս երաժշտութեամբ պիտի զբաղինք երբ երկիրը պատերազմի մէջ է, երբ քաղաքացիին հոգեկան վիճակը ծանր է: Բայց յետոյ սկսանք նամակներ ստանալ մեր ունկնդիրներէն, մեր բարեկամներէն, որոնց հարցումը կ'ըլլար, թէ ինչո՞ւ համերգներ չէք ըներ, կամ ե՞րբ է ձեր յաջորդ համերգը: Մեզմէ կը խնդրուէր համերգներ  կատարել, որպէսզի մարդոց հոգեկան իրավիճակը աւելի լաւ ըլլար, եւ այդպէս, պատերազմի ութ տարիներուն, հակառակ մեր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, շարունակեցինք մեր գործը, մեր համերգները, նախ մեր երաժիշտներուս համբերութեան շնորհիւ,  եւ  արհամարհելով բոլոր վտանգները,  հրթիռները, շարունակեցինք մեր ճամբան, մեր առաքելութիւնը՝ ընկերային կեանքի եւ մեր երկիրի հանդէպ:

Անշուշտ հիմա, ութ տարի ետք, մշակութային կեանքի վիճակը լրիւ տարբեր է: Երբ անցեալ տարուընէ  ի վեր Դամասկոս քաղաքը հանդարտեցաւ, վտանգը մեծապէս  նուազեցաւ, մշակութային առիթները, ձեռնարկները շատցան եւ այսօր մշակութային շատ մեծ ծրագիրներ կ'իրականացուին Դամասկոսի մէջ:

 

-Ներկայիս ի՞նչ հիմքերով կը գործէ Սիմֆոնիք նուագախումբը, ներկայացումներու քանակը, օրերը եւ ընդհանրապէս յայտագրերը ի՞նչ վիճակ կը պարզեն, արդեօ՞ք անցեալի համեմատած տուժեցի՞ն, եւ այսօր ի՞նչ ընդհանուր պատկեր ունի այդ նուագախումբը:


Ինչպէս որ ըսի, հիմնական տոյժը մեծ թիւով երաժիշտներու գաղթն էր, որմէ անմասն չմնաց նաեւ Սիմֆոնիք նուագախումբը:  Մեր հիմնական նուագողներէն 26-ը արդէն ճամբորդած են, Եւրոպա  կ՚ապրին, եւ ասի մեծ թիւ է նուագախումբին համար, հետեւաբար ստիպուած եղանք անոնց փոխարէն դեռ ուսումը չաւարտած երաժիշտներ հրաւիրել, կամ նոյնիսկ աշակետներ օգտագործել, որպէսզի կարենանք մեր գործունէութիւնը շարունակել:

Ինչ կը վերաբերի համերգներու քանակին, մենք միշտ կը ջանանք ամիսը մէկ անգամ մեծ համերգ տալ, երբեմն կը յաջողինք, երբեմն՝ ոչ, նայած պարագաներուն, նայած, թէ ինչ տեսակ ծրագիր պիտի պատրաստենք:

2016-ին  սկսանք  այլ երկիրներէ  երաժիշտներ հրաւիրել։ Օրինակ  հրաւիրեցինք օրկըն նուագող, որ մեր հետ օփերայի օրկընին վրայ նուագեց: Սկսանք նաեւ հիւր խմբավարներ հրաւիրել, Թուրքիայէն կին  խմբավար մը ունեցանք,  որ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակից էր եւ ուզեց իր զօրակցութիւը այդ ձեւով յայտնել, Դամասկոս եկաւ, խումբը ղեկավարեց:

Այս տարի՝ 2019-ին արդէն  երկու ռուս մենակատար հրաւիրած ենք՝ ջութակ եւ վիոլա՝ միջակ ջութակ նուագողներ, եկող ամիսներուն նորէն հիւր արուեստագէտներ  պիտի ունենանք ՝ Պրազիլէն, Չինաստանէն, Ռուսիայէն, Վենեզուելլայէն: Այսինքն, սկսանք դարձեալ մեր համաշխարհային կապերը ամրացնել, դռները բանալ հիւրերուն, որպէսզի նոր թթուածին հասնի խումբին, որովհետեւ պաշարումի այս երկար տարիներուն,  ոչ միայն մարդկային ու տնտեսական պաշարում էր, այլ ամէն իմաստով,  նաեւ՝ մշակութային, մենք շատ տուժեցինք, եւ հիմա կը փորձենք նոր կեանք, նոր ուժ տալ նուագախումբին, որպէսզի նոր ծրագիրներ ներկայացնենք մեր ժողովուրդին, մեր հասարակութեան:

 


 

-Պատերազմէն ետք ժողովուրդին մշակոյթի հանդէպ հետաքրքրութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսել: Արդեօ՞ք մայրաքաղաքին մէջ ժողովուրդը առհասարակ հետաքրքրուած է մշակութային կեանքով, մարդիկ ներկայ կ'ըլլա՞ն ձեր ելոյթներուն, ի՞նչ է ընդհանուր պատկերը:


Ինծի համար ալ զարմանալի եղաւ այդ հանգամանքը,  եւ ես միշտ կ'ըսեմ, պատերազմի ընթացքին մեր բուն հերոսը ժողովուրդը եղաւ: Ժողովուրդն էր, որ մեզմէ համերգներ պահանջեց, ժողովուրդն էր, որ մեր համերգներուն ներկայ կ'ըլլար  նոյնիսկ պատերազմի ամենածանր պահերուն, երբ համերգի ժամանակ կը լսուէր օփերայի շուրջ ինկող հրթիռներուն ձայնը: Ժողովուրդի այդ պահուածքը շատ մեծ     պատգամ էր օրքեսթրային համար, թէ որքան մեր գործը կարեւոր է ժողովուրդին համար եւ որքան այդ ժողովուրդը մշակոյթի կարիք ունի: 

Ուրեմն, եթէ պատերազմի ընթացքին այդքան հանդիսատես ունէինք, կրնաք պատկերացնել, թէ  այսօր պատերազմէն վերջ ինչպիսին է վիճակը: Մեր բոլոր համերգներուն, 2-3 օր առաջ արդէն բոլոր տոմսերը վաճառուած կ'ըլլան, միշտ «sold out» ունինք, եւ ասի մեծ դրական  նշան  մըն է, թէ սուրիացի ժողովուրդը ինչպիսի ծարաւ ունի մշակոյթի հանդէպ, եւ  որքան հետքրքրուած է մշակոյթով։

 

-Դուք, որպէս հայ արուեստագէտ, ինչպէ՞ս կ'ընկալուիք սուրիացի հանրութեան, Սուրիոյ արուեստի շրջանակներուն, նաեւ պետական մարմիններուն կողմէ: Ինչպէ՞ս կ'ընդունին ձեզ:


Ես ամէնէն առաջ սուրիացի եմ. ճիշդ է՝ հայ  եմ  ծագումով,  հպարտ եմ իմ հայկական արմատներովս, որովհետեւ շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իմ էութեանս վրայ, նոյնիսկ երաժշտական կեանքիս վրայ, բայց ես սուրիացի եմ՝ զգացումներով եւ նպատակներով եւ պարտք մը ունիմ Սուրիոյ հանդէպ, որովհետեւ Սուրիա ցեղասպանութեան օրերուն մեր մեծ հայրերը ընդունեց։

Ես, որպէս Սիմֆոնիք պետական նուագախումբի ղեկավար, միշտ մեծ յարգանքի արժանացած եմ ե՛ւ  ժողովուրդի, ե՛ւ պետական մարմիններու կողմէ. ոչ մէկ անգամ զգացած են, որ իմ հանդէպ զատողութիւն կայ, կամ որեւէ խնդիր կրնամ ունենալ իմ հայկական ծագումիս համար: Ես ի վերջոյ, ես Սուրիայի քաղաքացի եմ, եւ իմ բոլոր  իրաւունքներս, եւ նոյն ատեն իմ պարտաւորութիւններս պէտք է կատարեմ:

 

-Հայը, գիտենք որ յարգուած եղած է՝ արաբական աշխարհին, նաեւ Սուրիոյ մէջ:  Այսօր հայու անունին եւ վարկին  մասին ի՞նչ կ'ըսէք, արդեօ՞ք նո՞յնն է պատկերը:


Հայու անունը, արաբական աշխարհի, մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ, միշտ լաւ գործի հետ կապուած է, եւ այդ մէկը մենք կը պարտինք մեր մեծ հայրերուն, մեր ծնողներուն: Մինչեւ այսօր նոյնն է պատկերը եւ մենք բախտաւոր ենք, որ այդ լաւ անունը դեռ կայ Սուրիոյ մէջ, հայուն հանդէպ նոյն այդ յարգանք կայ: Երբ արաբը լաւ որակի գործ կ'ուզէ, մանաւանդ արհեստի մէջ, կ'ըսէ՝ հայու քով գնայ: Եւ արաբ ժողովուրդի հայուն հանդէպ այդ յարգանքի արդիւնքն էր, որ այսօր մենք շատ հայեր, բարձր պաշտօներու, նաեւ  պետական պաշտօններու վրայ կը տեսնենք:

Մենք շատ հպարտ ենք, որ մեր խորհրդարանին մէջ երկու հայ երեսփոխաններ ունինք, որոնցմէ մին՝ համալսարանի դասախօս դոկտ. Նորա Արիսեանն է, հեռատեսիլի մէջ հայ խօսնակներ ունինք, երաժշտութեան ոլորտին մէջ յայտնի անուններ ունինք, ինչպէս նաեւ մշակոյթի, արուեստի, արհեստի, պետական, քաղաքական գետնի վրայ շատ հայեր կան: Ճիշդ է մենք քիչ ենք Սուրիոյ ժողովուրդի ընդհանուր թիւին համեմատ, բայց այդուհանդերձ, կրցած ենք շատ մը յայտնի անուններ տալ, լաւ համբաւ ունենալ, եւ այդ մէկը կը վկայէ, որ մենք կրցած ենք մեր էութիւնը փաստել եւ ըսել, թէ հայը միշտ հաւատարիմ մնացած է Սուրիոյ։ Անշուշտ  պատերազմի ընթացքին  աւելի յստակ եղաւ ատիկա, երբ հայ զինուորներ նահատակուեցան Սուրիոյ համար, Սուրիան պաշտպանելու համար:  

 

-Հայութիւնը Սուրիոյ մէջ ապագայ ունի՞ ձեր կարծիքով, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:


Պէտք չէ մոռնանք, որ մենք այս երկրի քաղաքացիներն ենք եւ այս ընկերութեան մէկ մասնիկը, հետեւաբար այս երկրի հանդէպ ունինք նաեւ մեր պարտականութիւնները, ինչպէս որ՝ իրաւունքները: Ուրեմն, իբր սուրիացի, մենք պէտք է այս հողը պաշտպանենք, մեր պարտականութիւնը կատարենք մեր երկրին հանդէպ եւ այդ ձեւով  մեր ապագան կերտենք Սուրիոյ մէջ: Եթէ  այս  երկիրը լքենք   ու  հեռանանք, ուրեմն դաւաճանած կ'ըլլանք, դաւաճանած կ'ըլլանք մեր պատմութեան, եւ անձնասիրութիւնը գերակշռող կ'ըլլայ մեր մէջ:

Ես կը կարծեմ, որ ապագան շատ լաւ պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ եւ մենք պիտի աշխատինք, որպէսզի այդ ապագայի  կերտման  գործին մէջ  մեր արժանի  տեղն   ունենանք։