image

Նոր ընտրութիւնները վտանգաւոր կրնան ըլլալ Թուրքիոյ համար.Financial Times

Նոր ընտրութիւնները վտանգաւոր կրնան ըլլալ Թուրքիոյ համար.Financial Times

Բրիտանական հեղինակաւոր Financial Times պարբերականին մէջ հերթական յօդուած յայտնուած է Թուրքիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին՝ Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւնները չեղարկելու եւ այն 23 Յունիսին նորէն կատարելու որոշուման մասին: Այս մասին կը փոխանցէ «ՇԱՆԹ ՆԻՈՒԶ»-ը։

Յօդուածին մէջ ըսուած է, որ Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւններու չեղարկումը ահագնացուցած է քաղաքական քաոսի վտանգը երկրին մէջ։

Պարբերականը մէջբերած է «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան փոխնախագահ Օնուր Ատըկիւզելիի այն խօսքերը, որոնց համաձայն ԱԶԿ-ի հետ ընտրական պայքարի մէջ մտնելը թոյլատրելի է, բայց յաղթելը` անթոյլատրելի:

Financial Times կը յիշեցնէ, որ տակաւին մէկ ամիս առաջ Եւրայանձնաժողովի առաջին փոխնախագահ Ֆրանս Թիմերմանսի Էրտողանին կոչ ուղղած էր՝ եւրոպական արժէքներուն հաւատարիմ մնալու եւ ընտրութիւններու արդիւնքները ընդունելու մասին:

«Թուրքիան ծանր կերպով կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն» վերնագրով հրապարակման մէջ նշուած է, որ թէեւ նոր ընտրութիւններու իրականացումը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ անոր ղեկավարած «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» համար եւս մէկ առիթ է, այնուամենայնիւ, անոր մէջ առկայ են տնտեսական եւ քաղաքական վտանգներ։

Տնտեսական առումով այս որոշումը, ըստ բրիտանական թերթի, շատ բացասական հետեւանքներ կրնայ ունենալ ներդրողներու վստահութեան եւ թրքական լիրայի արժէզրկման տեսանկիւնէն: