image
Հրատապ լուրեր:

Նոր սքանտալ Քաթարի մէջ. Քաթարցիներուն արգիլուած է մուտք գործել թրքական զօրակայաններ (լուսանկար)

Նոր սքանտալ Քաթարի մէջ. Քաթարցիներուն արգիլուած է մուտք գործել  թրքական զօրակայաններ (լուսանկար)

Քաթարցի  ժողովուրդը  իրաւունք  պիտի չունենայ  մուտք  գործել երկրին մէջ գտնուող    թրքական  զինուորական կայաններ։

 Այս մասին լուրը   կը  հաղորդէ «Ալ Արապիյա»  կայանը  նշելով,  որ դրոյթը գործադրութեան դրուած է երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած գաղտնի համաձայնութեան  լոյսին տակ։

Աղբիւրը, որ լուրի  կողքին  տեղադրած է «խիստ գաղտնի» համարուած  համաձայնութեան պատճէնը եղածը համարած է  սքանտալային,  նշելով, որ   կայանը համաձայնութեան պատճէնին տիրացած է Շուէտ հրապարակուող    պարբերականէ մը։

Յիշեցնենք, որ յատկապէս Ռիատ-Տոհա տագնապի սրացման օրերուն Քաթար  կարեւոր համարուած համաձայնութիւններ կնքեց Անգարայի հետ։ Այդ համաձայնութեանց ծիրին մէջ կար Քաթարի մէջ թրքական զօրակայաններ հիմնադրելու ծրագիր։ Յստակ է նաեւ, որ այդ համաձայնագիրը այսօր գործադրութեան մէջ դրուած է  եւ Արաբական Ծոցին մէջ  մէկէ աւելի առումներով տնտեսական-ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Փոքրիկ երկրին մէջ հիմնուած են  թրքական  բանակի զօրակայաններ։