image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը Ապրիլ 24-ի առիթով

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը Ապրիլ 24-ի առիթով

Սիրելի Մեր զաւակներ,

Վաղը յիշատակի օրն է Հայոց ցեղասպանութեան մեր սուրբ նահատակներուն: Ազգովի վերստին մեր խոնարհումը պիտի բերենք Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքն ընծայեցին յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի:

Ապրիլ 24-ը իւրաքանչիւրիս համար սրբազան օր է, նուիրագործուած օր, երբ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, եկեղեցիներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողներուն առջեւ համազգային համախմբուածութեամբ յարգանքի տուրք կը մատուցենք մեր սուրբ նահատակներուն:

Սիրելի հայորդիներ, Մեր յորդորը կը բերենք ձեզի` մեր ժողովուրդին համար նուիրական այս օրը ըլլալ առաւել սիրով ու համերաշխ, ամէնուր միաբան ու միասիրտ աղօթք բարձրացնել եւ հայցել մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած` առաջնորդելու մեր կեանքը խաղաղութեան, ապահովութեան եւ առաջընթացի ճանապարհներով:

Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի սէրը, ողորմութիւնն ու շնորհները ըլլան մեզ բոլորիս հետ. ամէն: