Ամերիկեան «Foxnews» կայանը անդրադարձած է հանրայայտ դերասան Տին Քէյնի Հայաստան այցելութեան եւ սուրիացի փախստականներու հետ ունեցած հանդիպումներուն:
Տին Քէյն փախստականներու հարցով զրոյց ունեցած է նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, տեղեկանալու համար այսքան մեծ թիւով փախստականներու տեղաւորման հարցերուն: Նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Մէկ կողմէն դժուարութիւններ կային նման մեծ հոսքով մարդիկ ընդունելու, միւս կողմէն սակայն ուրախութիւն էր մեզի համար մեր ժողովուրդին ընդունիլ հայրենիքէն ներս եւ նեցուկ կանգնիլ»:
Տին, Foxnews-ի այն հարցին, թէ ինչու ուզեց այցելել փախստականներուն, պատմեց, որ ինք Հայաստան շատ մը ընկերներ ունի եւ շատ տեղեկութիւններ լսած էր Հալէպի մէջ կատարուածներու մասին, յատկապէս հայերու մասին, որոնք հայրենադարձ կ'ըլլային: «100 տարի առաջ տեղի ունեցած հայկական ցեղասպանութեան, հակառակ որ մեր կառավարութիւնը տակաւին կը հրաժարի զայն որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալէ, այս ժողովուրդին նախահայրերը տեղահանուեցան իրենց հողերէն եւ եկան ու հաստատուեցան Սուրիա: Ցաւալին այն է, որ 100 տարի անց, այս նոյն ժողովուրդը, որ ծնած եւ մեծցած էր Հալէպի մէջ, հիմա ստիպուած է վերադառնալ Հայաստան, որպէս փախստականներ, շատ ահռելի է»,- ըսած է Տին:
Տին Քէյն աւելցուց, «Շատ հետաքրքիր է, գիտէք, երբ փախստականներու մասին կը խօսիս, իրենց հարցերը կը լսես եւ այդ ամէնը բան մը չի նշանակեր քեզի համար, մինչեւ որ այդ մարդուն դէմ առ դէմ չհանդիպիս, աչքերուն մէջ չնայիս, չձեռնուիս եւ լսես իր պատմութիւնը. Եւ յանկարծ կը հասկնաս հարցի լրջութիւնը»: Անոր խօսքով, սուրիացի փախստականները կ'ուզեն տուն վերադառնալ՝ Հալէպ:
Խօսելով ընդհանրապէս հայութեան մասին, Տին նաեւ նշեց, որ հայերը դարեր շարունակ հալածանքի ենթարկուած ժողովուրդ են, «դժուար է հաւատալ, եւ իրենք պաշտօնապէս քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգն են եւ ներկայիս միակը՝ Միջին Արեւելքի մէջ. անոնց դրացիները Թուրքերն են, որոնց հետ սահմանը փակ է, Ազրպէյճանը, որուն հետ հակամարտութիւններու մէջ է մինչեւ այսօր, կայ նաեւ Իրանը եւ Իրաքը՝ հարաւէն, իսկ հիւսիսէն՝ Վրաստանը, այսինքն իրենք այդ փոքր խումբ քրիստոնեաներն են այս բոլորին մէջտեղը շրջափակուած»:
Հետաքրքիր այն է, որ ես երբ խօսեցայ նախագահին հետ քրիստոնեաներու հալածուած ըլլալուն մասին, ան շատ դիւանագիտական պատասխան տուաւ, կը պատմէ Տին, բացատրելով՝ «որովհետեւ ան չուզեց մատնացոյց ընել այդ հարցը, մանաւանդ որ տակաւին մեծ թիւով քրիստոնեաներ կան Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ եւ չուզեց անոնց թիրախ դարձնել. ես այդպէս համոզուեցայ իր պահուածքէն»:
Խօսնակը, հարց տալով ամերիկահայերուն մասին, նշեց, որ մենք հոս նշանաւոր հայեր կը ճանչնանք, ինչպէս Քարտաշեանները, բայց այստեղ կան սուրիահայեր, ամերիկահայեր եւ երկիր Հայաստան, հարցուցած ես իրենց, թէ ի՞նչ կը մտածեն սուրիացի փախստականներուն մասին:
«Ես այդ հարցին մասին չմտածեցի, որովհետեւ կարելի չէ այդ անձերուն մասին, որոնց հետ ես խօսեցայ, մէկը ըլլայ որ մտածէ թէ անոնք ահաբեկիչներ են, անկարելի բան է: Ես հիմա աւելի լաւ կրնամ պատկերացնել: Ըսեմ, որ Հալէպը լրիւ քաոսային վիճակի մէջ է, Դամասկոսը սակայն այսդպէս չէ, այնտեղ աւելի խաղաղ է եւ ապահովութիւն կայ սուրիահայերուն համար, որոնք կը շարունակեն հոն մնալ. լրիւ տարբեր բաներ են»,- ըսած է Տին:
Դուն շնորհակալ ես երեւի որ ամերիկացի ես, «Foxnews»ի հարցին Տին անվարան ըսաւ. «Երկրէ երկինք ուրախ եմ, այդ բարիքի մասին չես հասկնար մինչեւ դուրս չերթաս: Կը հասկնաս, կը տեսնես որ մենք ինչ պարզ բաներու շուրջ կը կռուինք կամ կը պայքարինք. երբ դուրս կ'երթաս, կը տեսնես ինչ իսկական խնդիրներ կը պատահին, իսկական մարդոց հետ, այն ժամանակ կը հասկնաս որ հարստութիւն է մեր այս մանր-մունր ունեցած հարցերը (նկատի ունենալով ներքաղաքական՝ հանրապետաան –դեմոկրատական վէճերը), մինչ հոն իսկական մարդիկ դեռ կը փորձեն իրենց զաւակները կերակրել եւ ապրիլ»,- եզրափակած է Տին: