Ցաւալի լուր մը ցնցեց արաբական արուեստի աշխարհը:
Սուրիացի դերասանուհի՝ Ժումանա Մըրատի փոքրիկ դուստրը լքելով այս աշխարհը, միացաւ հրեշտակներու հոյլին:
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած էր դերասանուհիի ինսթակրամի էջը։
Ըստ տարածուող լուրերուն, Ժումանայի դուստրը, որ զուգածին է, ի ծնէ ունի առողջութեան վերաբերեալ հարցեր:
Ի դէպ, այս տխուր առիթով, շատ մը դերասաններ ցաւակցութիւն յայտնած են Ժումանային ու իր ամուսնոյն՝ Ռապիհ Պսիսոյին: Երգչուհի՝ Քարոլ Սամահա իր թուիթըրեան էջով ըսած է, թէ որքան անակնկալ ու տխուր լուր է ասիկա, ապա աւելցուցած է «Թերեւս ազատեցաւ մեր ապրած այս ժամանակներու դաժանութենէն»: Իսկ Ահլամ Ալ Շամսին ու Պասէմ Եախուր իրենց Դիմատետրին էջին վրայ ցաւակցած են ըսելով, թէ հրեշտակ մըն էր, Աստուած համբերութիւն տայ ծնողքին: Նաեւ այլ Սուրիացի դերասաններ ցաւակցական խօսքերով մխիթարած են Ժումանան, ինչպէս՝ Սապահ Ալ Ժազաիրին, Սուզան Նաժմ Ալ Տինը, Սամէր Ալ Մասրին եւ ուրիշներ: