Թուրքիոյ դատախազութիւնը աւելի քան երկու տարուայ ազատազրկում պահանջած է դերասանուհի՝ Էզկի Մոլայի համար` «վիրաւորելու» համար նախկին զինուոր մը, որ բռնաբարած էր 18-ամեայ քուրտ աղջիկը. աղջիկը աւելի ուշ ինքնասպանութիւն գործած էր, գրած է BirGün-ը:
«Խեղդեցէք այն խիղճը, որ ձեզ ստիպեց ազատել այդ ստոր բռնաւորը»,- գրած էր Մոլան Twitter-ով Մուսա Օրհանի մասին, որ մինչ դատավարութիւնը, ընդամէնը վեց օր անցուցած է բանտը:
Օրհան մեղադրուած է Իփեք Էրի նկատմամբ սեռական ոտնձգութեան մէջ: Ինքնասպանութենէն առաջ գրած նամակով աղջիկը նախկին հրամանատարը մեղադրած է առեւանգման եւ 20 օր զինք բռնաբարելու մէջ: Անկէ ետք ան կրակած է ինքն իր վրայ:
Մուսայի փաստաբանը մեղադրանք առաջադրած է դերասանուհիին դէմ, որ դատարանին առջեւ կը կանգնի Անքարայի մէջ:
Twitter-ի հազարաւոր օգտատէրեր վրդովմունք յայտնած են` լսելով այս լուրը: Դերասանուհիի աջակիցներու հեշթեգն է # «Դու մենակ չես, Էզկի Մոլա»:
Ի պատասխան՝ փաստաբանը մեղադրանք առաջադրած է 16 յայտնի մարդոց, որոնք միացած են արշաւին ընկերային ցանցերով:
Լուրը՝ News.am-էն