ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը համաերեւանեան երթ կ'իրականցնէ: Երթը սկսած է Նոր-Նորքի 6-րդ զանգուածէն:
«Շարժուում ենք ռազմական ինստիտուտի հետեւակի մարտական մեքենայի՝ ուղիղ դիմացի մայթից: Դուխով»,-ֆէյսպուքեան իր էջին նախապէս գրած էր Նիկոլ Փաշինեանը:
Երթուղին հետեւեալն է.
Նոյեմբերի 24-ին` ժամը 10.00-22.00 Նոր Նորքի 6-րդ զանգուածէն՝ Դաւիթ Բեկի 286 – Գայի պողոտայ – Ռուբինեանց փողոց – Դաւիթ Անյաղթի փողոց – Կոմիտասի պողոտայ – Վ. Վաղարշեան փողոց – Դաւթաշէնի կամուրջ – Եղվարդի խճուղի – Լենինկրատեան փողոց – Սեբաստիայի փողոց – Րաֆֆիի փողոց – Բագրատունեաց պողոտայ – Արշակունեաց պողոտայ – Քրիստափորի փողոց – Տ. Մեծի պողոտայ – Հանրապետութեան հրապարակ:
Այսօրուայ մեր երթը իւրատեսակ ամփոփումն է այն քայլարշաւին, որ մենք իրար հետ սկսանք 31 մարտին Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակէն, որ պսակուեցաւ ՀՀ-ի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեամբ:
Այս մասին համաերեւանեան երթի ժամանակ, դիմելով քաղաքացիներուն, ըսաւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը: Ան նշեց, որ ըստ էութեան երկու օրէն քաղաքական փուլը կ'ամփոփուի, և կրնան ըսել, որ շարժման հարթակը կատարած է իր ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները: Ըստ անոր՝ խոստացած էին, որ ժողովուրդի կամքը կը դառնայ քաղաքական գործօն, եւ այդպէս ալ եղաւ: