«Կեդրոնականը տարբեր է. Բոլոր ազգային վարժարանները մերն են, սակայն Կեդրոնականը ուրիշ տեղ ունի այդ բոլորին մէջ։ Ինծի համար այդպէս է։ Որովհետեւ, Կեդրոնականը տեսիլքի վարժարան է։ Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքին տեսիլքին արքասիքն է։ Եւ ես յոյս ունիմ որ, թէ՛ ուսուցչաց կազմը եւ թէ՛ այս շրջանաւարտ աշակերտները, պիտի կրեն ջահը այս տեսիլքին, եւ իրենք ալ իրենց կեանքի բոլոր օրերուն ընթացքին, տեսիլքի մարդիկ պիտի ըլլան։ Առանց տեսիլքի շատ դժուար է կեանքի մէջ յաջողութիւն ունենալ։ Տեսիլքներն են որ մեզ պիտի առաջնորդեն»։ (Մեսրոպ Պատրիարք, 2006)
Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի յուշատետրս ամէն անգամ կը վերանորոգուի, երբ կը մասնակցիմ իր շրջանաւարտութեան հանդիսութեան։ 2006 թուականին սկսած էր այս վերանորոգութիւնը, երբ Գումգաբուի Գազազ Ամիրա Պէզճեան Սրահի բեմին վրայ կանգնած էի, որպէս՝ շրջանաւարտ։ Իրապէս յուզումնախառն զգացումներով ողողուած օր մըն էր, քանի ընթացաւարտ ընկերներս, բոլորս, շրջանաւարտութեան արդար հպարտութեամբ, կանգնած էինք Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր, ինչպէս նաեւ մեր ուսուցիչներուն, ընտանիքներուն եւ հարազատներուն առջեւ։ Այդ օրը, վերածնունդ էր բոլորիս, քանի նոր կեանքին, նոր ածականով կ՚ուղարկուէինք, արժանացած ըլլալով Կեդրոնականցիի կոչումին։ Անցան տարիներ, եւ ես անձամբ կը նշմարէի թէ՝ մէն մի տարի կ՚աճեցնէր մեր շրջանաւարտութեան պատգամը։ Այդ օր, քանիցս մեզի նայելով ըսած էին թէ՝ Կեդրոնականը մեզ պիտի ուղղէ կեանքին եւ տարբեր ասպարէզներուն, բայց երբեք չմոռնանք զայն, երբեք չհեռանանք իր հովանիէն, որովհետեւ այս վարժարանը ունի տեսլական մը, որ է՝ որակաւոր սպասաւորներ արտադրել մեր ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս համայն մարդկութեան։ Երբ կը հասուննայինք, իւրաքանչիւր նոր տարի, առաւել իմաստ մը եւս կը բարդէր մեզի փոխանցուած պատգամներու գանձարանին։ Կարելի է, ոմանք մտածեն թէ՝ մեր վարժարանին հանդէսը սովորական շրջանաւարտութիւն մըն է եւ տարբերութիւն չունի այլ վարժարաններու մէջ կատարուածէն, ու պատգամները սովորական են, որոնք կը կրկնուին տեւաբար։ Բայց, ինչպէս մեր շրջանաւարտութեան հանդիսութեան օրը, մեր անմոռանալի հովուուապետը յիշատակած էր. Կեդրոնականը տեսիլքի վարժարան է։ Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքին տեսիլքին արքասիքն է։
Պէտք է խոստովանիլ որ այդ օր, աւելի մատղաշ ըլլալով կատարելապէս չէինք թափանցած այս խօսքերու խորքին եւ պարզապէս համակրանքով հետեւած էինք Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամին ու ծափահարութեամբ միացած՝ բանաւոր պատգամին։ Չէինք հասկցած իր ըսածներուն իմաստը եւ քիչ մը տգիտութեամբ կը մտածէինք թէ՝ մասնակցած ըլլալով Կեդրոնականի հանդիսութեան, Ան կը գովաբանէր Կեդրոնականը եւ ոչ՝ աւելին։ Բայց երբ տարիներ զմեզ խմորել սկսան, աւելի խորաթափանց ոգիով, տարբեր առիթներով սկսանք խոկալ շրջանաւարտութեան պատգամին նշանակութեան։ Երբ կը դիտէի շրջանաւարտութեան հանդիսութիւնը, կամաց կամաց հասկնալի կը դառնար թէ՝ ճառախօս անձերը պարզապէս դերակատարներ էին եւ անոնք իրենց շրջանին պայմաններուն համաձայն, տարբեր ոճով, կը փոխանցէին օրհնալի անշարժ պատգամը։ Այս այն պատգամն էր, որուն արմատները ծլիլ սկսած էին Ներսէս Պատրիարքի հայրախնամ հոգիէն։ Այո, կը լսէինք տարբեր ուղերձներ, որոնց բնաբանը միշտ ծնունդ կ՚առնէին Ներսէս Պատրիարքի հիասքանչ պատգամէն. «Ես դպրոցներէն կը սպասեմ ազգին փրկութիւնը»։ Մեսրոպ Պատրիարքի խօսքն ալ վստահաբար ազգի հոգեւոր եւ մշակութային փրկութեան տեսլականը՝ Կեդրոնական Վարժարանի ճամբով մեզի յիշեցնելու համար արտասանուած էր։ Որքա՜ն խորհրդաւոր միութիւն մը, որ տասնեակ տարիներ զիրար կը շաղկապէր Ներսէս Պատրիարքէ մինչեւ Մեսրոպ Պատրիարք։ Որքա՜ն խորհրդաւոր ազգային տեսիլք մը, որ հովուուապետներու հոգիները կը միացնէր։ Որքա՜ն իմաստալից խօսք մը, որ թէ՛ անհատական կեանքի եւ թէ՛ համայնքային կեանքի մասին մտածելու կ՚ուղղէր երիտասարդ բայց անփորձ սերունդները։
22 Յունիս 2019, Շաբաթ երեկոյեան, Ազգային Կեդրոնականի շրջանաւարտութեան հանդիսութեան առիթով ծնունդ առին յիշեալ տողերը։ Այս տարի եւս հանդիսութեան ամէնախորհրդաւոր պահուն՝ այսինքն Ներսէս Պատրիարքի յիշատակի առջեւ ուխտադրելու նպատակաւ համախմբուեցանք Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Կեդրոնականցի երէց հոգեւոր եղբայր՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, ես, վարժարանի տնօրէն՝ Տիկին Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի առաջնորդութեամբ կրթական մշակներ ու ընթացաւարտ աշակերտներ, բոլորս խոնարհելով մօտեցանք Երանաշնորհ Պատրիարքի անձայն բայց անյքան հորհրդաւոր շիրմին։ Վստահաբար շրջանաւարտ աշակերտներէն շատեր, մեր շրջանաւարտութեան օրերուն զուգահեռ ուղիով, մասնաւորապէս կը մտածէին ապագայ կեանքի մասին եւ Կեդրոնականը անոյշ յիշատակներով օծուն վայր մը կը մնար։ Անոնք եղած էին շրջանաւարտներ, բայց տակաւին չէին դարձած Կեդրոնականցիներ, քանի այս կոչումին արժանանալու համար պէտք է լսէին Ներսէս Պատրիարքի թողած պատգամը։ Անոնք երբ պիտի լսէին, իրենց հոգիներուն մէջ Ներսէս Պատրիարքի երազած հոգեւոր եւ մշակութային փրկութեան հունտը պիտի սերմանուէր այս ուխտատեղիին մէջ։ Փորձառութիւնը ցոյց կուտայ թէ, մեծ հաւանակութեամբ անոնցմէ շատեր առաջին հերթին իրազեկ պիտի չդառնային խօսքերու խորքին, բայց վստահաբար՝ ապագային այդ բանաւոր հունտերը պիտի ծլէին այդ երիտասարդ սերունդի պարարտացած հոգիներուն մէջ։
Այս տարի, Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը, այստեղ եւս իր բարոյական ներկայութիւնը զգալի դարձուց։ Ինչպէս ինծի եւ դասընկերներուս խօսած էր 2006-ին, այս անգամ ալ խօսեցաւ 2019-ի շրջանաւարտներուն։ Վախճանած՝ բայց իր հոգիով ողջ հովուուապետը, անշնչացած՝ բայց իր ազգաշէն պատգամներու ճամբով տակաւին ոգի բուրող առաջնորդը Մեսրոպ Պատրիարք, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանէ շրջանաւարտ նոր սերունդին եւս կը խօսէր։ Տարիներ առաջ արտասանուած իր խօսքերը երբ լսելի կը դառնար, Ներսէս Պատրիարքի տեսլականով դրոշմուած հոգեւոր կրակը, ուղղակիօրէն բոցավառիլ կը սկսէր։ Ներսէս Պատրիարք կարծէք Մեսրոպ Պատրիարքի բերնով կը յիշեցնէր թէ՝ մեր վարժարանը տեսիլքի վարժարան է եւ իւրաքանչիւր շրջանաւարտի տեսիլքին կիզակէտը պէտք է հանդիսանայ՝ ազգային բարոյական արժէքներու վերելքը։ Տեսիլքի մը ջահը փոխանցուեցաւ աշակերտներուն, եւ իրենց թելադրուեցաւ տեսիլքի մարդ ըլլալ։ Յաջողութեան գաղտնիքը տրուեցաւ, յաջողութեան այնքան ծարաւ մեր զաւակներուն, որոնց հզօր ապագան երաշխիքը պիտի դառնայ նաեւ ազգի տոկունութեան։ Ահա, արդէն իսկ այս էր երազանքը Ներսէս Պատրիարքին։
Իսկ միայն շրջանաւարտնե՞րը այս պատգամէն մաս ու բաժին քաղած էին։ Տարիներ առաջ այս օրհնալի խօսքերը լսած էի Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազանէ, այս անգամ, որպէս հոգեւորական անգամ մը եւս կը վերագտնէի Հայ ժողովուրդի մէն մի սպասաւորին կոչման կարեւորութիւնը։ Հայ Ժողովուրդին հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները բարձր պահելու ուղղութեամբ մեր երազանքը անգամ մը եւս յիշեցի։ Տեսիլք մը ունինք, զոր հաստատուած է մօտաւորապէս հարիւրյիսուն տարիներ առաջ եւ ան տակաւին կը ներկայանար իր կենսունակութեամբ։ Շրջանաւարտ բոլոր աշակերտներու աչքերուն նայեցայ եւ տեսայ թէ՝ մեր տեսիլքը այնքան ալ անկարելի երազանք մը չէր։ Անձնական եւ հաւաքական տեսիլք ունենալու եւ այս ուղղութեամբ ձեռք ձեռքի սպասաւորելու յիշեցումը տեսայ այդտեղ։ Այս տեսիլքի հարազատ սպասաւորներն են, որոնք պիտի դառնան ջահակիրները Ներսէս եւ Մեսրոպ Պատրիարքներու։ Այս ջահը սուրբ է եւ կարող է մեզի կեանքի յոյսը շնորհել։ Եկէ՛ք շրջանաւարտներու գունդին մենք ալ միանանք ու կրկնենք. Պատրիարք Հայրեր, Դուք վախճանեցաք, բայց ձեր յիշատակը անթառամ է մեր մէջ։ Պատրիարք Հայրեր, աշակերտինք եւ հետեւինք, Ձեր անխախտելի պատգամին ու պահապանը դառնանք Ձեր սուրբ տեսիլքին։
Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան
Հոգեւոր Հովիւ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ
24 Յունիս 2019, Գնալը Կղզի