image
Հրատապ լուրեր:

Իրանեան հարուածներուն հետեւանքով Քուէյթի միջազգային օդակայանին մէջ հրդեհ

Իրանեան հարուածներուն հետեւանքով Քուէյթի միջազգային օդակայանին մէջ հրդեհ

Քուէյթի միջազգային օդակայանին մէջ անօդաչու թռչող սարքերն ինկած են վառելիքի պահեստարանին մէջ, որու հետեւանքով հրդեհ բռնկած է: Ինչպես կը տեղեկացնէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը, այդ մասին հաղորդած է երկրի քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութիւնը։

Վարչութեան ներկայացուցիչ Ապտուլա ալ Ռաճիի խօսքով՝ գրոհը յանգեցուցած է նիւթական վնասի, զոհերու մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան։

Միջադէպի վայր ուղարկուած են յատուկ ջոկատներ՝ հրդեհը մարելու համար, աւելցուցած է ան:

Սա արդէն երրորդ նման դէպքն է Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն եւ Իրանի պատասխան գրոհներու սկիզբէն ի վեր։

Քուէյթի միջազգային օդակայանը ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր դադրեցուցած է աշխատանքը։ Բոլոր թռիչքները վերաուղղորդուած են Սէուտական Արաբիա։