Ծաղկազարդի տօնը, որ կը խորհրդանշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, Հայ եկեղեցական կեանքին մէջ ունի խոր հոգեւոր եւ խորհրդանշական նշանակութիւն։ Այս տօնը հաւատացեալներուն համար ոչ միայն ուրախութեան եւ փառաբանութեան պահ մըն է, այլ նաեւ հրաւէր՝ վերանորոգելու իրենց հաւատքը, խոնարհութեամբ եւ սիրով ընդունելու Քրիստոսը իրենց կեանքերուն մէջ։ Այդ ոգիով ալ, սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ, ներառեալ Հալէպ, Ծաղկազարդը կը նշուի աղօթքով, պատգամով եւ համայնքային մասնակցութեամբ՝ վերապրելով աւետարանական դէպքը եւ անոր կենդանի պատգամը այսօրուան հաւատացեալին համար։
Նոյն ծիրէն ներս ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պաշտամունքը, որուն ընթացքին ալ իր պատգամը հաւատացեալներուն ներկայացուցած է Համայքնապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիին մէջ նշուեցաւ Ծաղկազարդի տօնը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հիմնուած Մատթէոս 21:1-11 համարներուն վրայ։ Ան իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ ժողովուրդին հաւատքով եւ ցնծութեամբ լեցուն ընդունելութիւնը՝ «Ովսաննա Դաւթի Որդիին» աղաղակներով։
Ապա Ամենակալէն հայցեց, որ այս տօնը առաջնորդէ մեզ՝ վերանորոգուած հաւատքով եւ խոնարհ սրտով ընդունելու մեր Տէրը եւ Փրկիչը մեր կեանքերուն մէջ։
Սոյն պաշտամունքին եկեղեցիին Կիրակնօեայի փոքրիկները իրենց երգերով բաժին բերին։


