image

Թրամփ կ՚ուզէ Իրանի հետ պատերազմի աւարտի հասնիլ մինչեւ ապրիլի 6-ը. Սպիտակ տան խօսնակ

Թրամփ կ՚ուզէ Իրանի հետ պատերազմի աւարտի հասնիլ մինչեւ ապրիլի 6-ը. Սպիտակ տան խօսնակ

Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քերոլայն Լեւիթ յայտարարած է, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը ցանկայ յառաջիկայ օրերուն հասնիլ Իրանի հետ պատերազմի աւարտին շուրջ համաձայնութեան։ Անոր մամուլի ասուլիսի տեսագրութիւնը տարածած է Սպիտակ տունը։

Լեւիթին հարց ուղղուած է Թրամփի կողմէ նախապէս սահմանուած վերջնաժամկէտին մասին, որով Իրանին տրուած էր եւս տասը օր՝ համաձայնութեան հասնելու համար՝ մինչեւ ապրիլ 6։

«Ան կ՚ուզէ համաձայնութեան հասնիլ յառաջիկայ տասը օրերու ընթացքին։ Ժամանակը կը սպառի։ Քանի մը օր մնացած է… Տեսնենք, թէ ինչ տեղի պիտի ունենայ այդ տասնօրեայ ժամանակահատուածին աւարտէն ետք»,– ըսած է Սպիտակ տան բանբերը։

Պաշտօնեային հարց ուղղուած է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամերիկեան լրացուցիչ ուժերու կուտակման մասին՝ հակառակ ընթացող բանակցութիւններուն։ Լեւիթ պատասխանած է, որ ԱՄՆ նախագահը կեդրոնացած է «Դիւցազնական ցասում» գործողութեան նպատակներուն հասնելու վրայ, իսկ Փենթակոնը կ՚աշխատի «գերագոյն հրամանատարին համար ստեղծել կարելիութիւններու առաւելագոյն տարբերակ»։ Ան վերահաստատած է, որ Միացեալ Նահանգները կը հասնի իր առջեւ դրուած նպատակներուն։

Մարտի 30-ին Թրամփ Truth Social հարթակին վրայ կատարած է նաեւ մէկ այլ գրառում՝ նշելով, որ ԱՄՆ «լուրջ քննարկումներ» կ՚ունենայ «նոր, աւելի ողջամիտ վարչակարգի հետ», եւ թէ «մեծ առաջընթաց արձանագրուած է»։ Ան աւելցուցած է, որ «եթէ որեւէ պատճառով շուտով համաձայնութիւն չկայանայ», եւ եթէ Հորմուզի նեղուցը անմիջապէս չբացուի, ապա լիովին պիտի ոչնչացուին Իրանի «ելեկտրական կայանները, նաւթահորերը, Խարկ կղզին եւ, հաւանաբար, աղազերծման բոլոր կայանները»։