image

Իրանի դէմ մղուող պատերազմը Ամերիկայի հասարակութեան մեծ մասին կողմէ կը համարուի «Հակա-սահմանադրական» պատերազմ մը. Վարդան Գազանճեան

Իրանի դէմ մղուող պատերազմը Ամերիկայի հասարակութեան մեծ մասին կողմէ կը համարուի «Հակա-սահմանադրական» պատերազմ մը. Վարդան Գազանճեան

Իրանի պարագային, իշխանափոխութիւնը, եթէ տեղի ունենայ, պէտք է  ըլլայ ներսէն։ Իրան հպարտ եւ հին քաղաքակրթութիւն ունեցող երկիր է, եւ արտաքին միջամտութիւնը սահմանափակ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Ցամաքային ներխուժումը եւս չափազանց դժուար եւ վտանգաւոր է։

Այս բոլորին հետեւանքով ստեղծուած է վտանգաւոր իրավիճակ մը՝ ոչ միայն Ամերիկայի, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին եւ մերձակայ ծոցի երկիրներուն համար։

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած պատերազմական իրավիճակին լոյսին տակ կարեւոր է հասկնալ, թէ Միացեալ Նահանգներու հասարակութիւնը ինչպէս կը գնահատէ այս պատերազմը։

Այդ առիթով «Արեւելք»-ը, աւելի յստակ պատկերացում կազմելու համար, օրերս դիմեց ամերիկահայ համայնքային գործիչ Վարդան Գազանճեանին։

Վարդան Գազանճեան սեղմ, բայց բովանդակալից ձեւով ներկայացուց իր տեսակէտը, որ կը բխի ոչ միայն անձնական համոզումներէ, այլ նաեւ կ՚արտացոլէ ամերիկեան հասարակութեան մէկ կարեւոր հատուածի կարծիքները։

Ստորեւ Վարդան Գազանճեանի հակիրճ  նկարագրականը, այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող իրավիճակին մասին․-

«Ամերիկեան հասարակութեան մօտ այս պատերազմը ընդհանրապէս լաւ ընկալում չի վայելեր՝ քանի մը հիմնական պատճառներով։ Նախ հասարակութեան մեծամասնութիւնը զայն  ոչ սահմանադրական պատերազմ  կը նկատէ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ միայն Քոնկրեսը՝ Ներկայացուցիչներու տունը, կրնայ պատերազմ յայտարարել այլ երկրի դէմ, մինչդեռ այս պարագային նման որոշում չէ ընդունուած, եւ քայլը ինքնագլուխ կը համարուի։

Երկրորդ՝ շատերու կարծիքով թիրախը՝ այս պարագային Իրանը, ուղղակի վտանգ չի ներկայացներ ԱՄՆ-ի համար։ Թէեւ կրնայ սպառնալիք ըլլալ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու համար, սակայն ամերիկացիներու զգալի մասը այս պատերազմը չի դիտեր որպէս «Ամերիկայի պատերազմ։

Ըստ տարածուած ընկալման՝ այս քայլը նաեւ փորձ մըն է շեղելու հանրային ուշադրութիւնը՝ կապուած Էփսթինի թղթածրարին եւ յառաջիկայ «միտ-թըրմ»՝ Նոյեմբեր ամսուան ընտրութիւններուն։ Հարցախոյզները կը մատնանշեն «Հանրապետականներ»ու համար ակնկալուող կորուստներ, իսկ նախագահի ժողովրդականութիւնը նուազած է շուրջ 35-37 տոկոսի, որ համեմատաբար տկար ցուցանիշ կը նկատուի։

Այս պատկերը կը լրացնէ նաեւ քարիւղի գիներու աճը, որ վերջին շաբաթներուն զգալի ճնշում  դարձած է  միջին եւ միջինէն վար խաւերուն վրայ։ Քաղաքացիները այս ազդեցութիւնը անմիջապէս կը զգան պենզինի կայարաններուն մէջ, եւ ասիկա բացասաբար կ՚անդրադառնայ նախագահի եւ իր աջակիցներուն վարկանիշին վրայ։

Ինչ կը վերաբերի Նոյեմբեր ամսուան ընտրութիւններուն, ակնկալելի են զգալի կորուստներ Հանրապետականներուն համար, յատկապէս «մանիշակագոյն»՝ ոչ յստակ կողմնորոշուած շրջաններուն մէջ, ուր նախապէս նուազ տարբերութեամբ յաղթանակ  մը արձանագրուած էր։

Այս զարգացումներուն հետեւանքով Քոնկրեսին մէջ 30-էն 50 աթոռ կրնայ անցնիլ դեմոկրատներուն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ յանձնախումբերն ու ենթայանձնախումբերը եւս իրենց վերահսկողութեան տակ պիտի անցնին։ Այս պարագային, անոնք կրնան «իմփիչմընթ» սկսիլ նախագահին  դէմ։ Նման պայմաններու մէջ կը կարծեմ, որ նախագահը դժուար թէ կարենայ շարունակել ինքնագլուխ քայլերը, եւ չի բացառուիր, որ հրաժարի՝ տեղը զիջելով Ճերի Վանսին՝ ակնկալելով անոր կողմէ ներում։

Իմ գնահատմամբ՝ նման սենար կրնայ իրականանալ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին։ Կարճ ըսած՝ այս պատերազմը ժողովրդականութիւն վայելող չէ։

Բացի այդ, խնդիրներ կան նաեւ ներքին կառավարման ոլորտին մէջ։ Օդակայաններուն մէջ նկատելի են խափանումներ, որոշ ծառայութիւններ սահմանափակուած են, իսկ ընդհանուր դժգոհութիւնը աճած է։ Հանրութիւնը հիմնական պատասխանատու կը նկատէ «Հանրապետականներ»ը, քանի որ իշխանութեան երեք ճիւղերը՝ Քոնկրեսը, Սպիտակ տունը եւ դատական համակարգը, ներկայիս իրենց վերահսկողութեան տակ են։

Պէտք է յիշել նաեւ, որ Տանըլտ Թրամփը տասը տարի առաջ քաղաքական ասպարէզ մտաւ որպէս հակապատերազմ թեկնածու։ Ան դէմ արտայայտուած էր Իրաքի եւ Աֆղանիստանի պատերազմներուն եւ այդ դիրքորոշումով շահած էր միջին եւ միջինէն վար խաւերու աջակցութիւնը։ Այսօր նոյն մարդիկը կը հարցնեն՝ «դուն այդ մարդն էիր, ի՞նչ եղաւ քեզի»։ Անոր ներկայ քաղաքականութիւնը հակասութեան մէջ է իր իսկ նախկին խոստումներուն հետ։

Այսօր ան կը խօսի նոր թիրախներու մասին՝ Քուպա եւ այլուր, ինչ որ կը դիտուի որպէս յարձակողապաշտ մօտեցում։ Մինչդեռ իր ընտրութեան հիմքը «Ամերիկան՝ առաջ, դարձնենք Ամերիկան կրկին մեծ» նշանաբանն էր, եւ շատեր կը հարցնեն՝ ուր է այդ քաղաքականութիւնը։

Քաղաքացիները նաեւ կը մատնանշեն, որ երկրի ներսը կան հիւանդանոցներ, դպրոցներ եւ կամուրջներ, որոնք լուրջ նորոգման կը կարօտին, մինչ հսկայական միջոցներ կը ծախսուին հեռաւոր պատերազմներու վրայ՝ այնպիսի երկիրներու դէմ, որոնք անմիջական վտանգ չեն ներկայացներ ԱՄՆ-ի համար։

Ինչ կը վերաբերի Իրանի ներքին իրավիճակին, շատեր կը կարծեն, թէ փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ խօսքը 90 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մասին է։ Ղեկավարի չէզոքացումը գաղափարախօսութիւնը չի վերացներ․ գաղափարները կը շարունակեն գոյատեւել, եւ միայն ժողովուրդը կրնայ զանոնք փոխել։

Իրանի պարագային, իշխանափոխութիւնը, եթէ տեղի ունենայ, պէտք է  ըլլայ ներսէն։ Իրան հպարտ եւ հին քաղաքակրթութիւն ունեցող երկիր է, եւ արտաքին միջամտութիւնը սահմանափակ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Ցամաքային ներխուժումը եւս չափազանց դժուար եւ վտանգաւոր է։

Այս բոլորին հետեւանքով ստեղծուած է վտանգաւոր իրավիճակ մը՝ ոչ միայն Ամերիկայի, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին եւ մերձակայ ծոցի երկիրներուն համար»։