image

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը դաշինք կազմած է երկու այլ ուժի հետ

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը դաշինք կազմած է երկու այլ ուժի հետ

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի դաշինքով, որ պիտի կոչուի «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ»:

Այսօր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Նարեկ Կարապետեանը դաշինքի ստեղծման վերաբերեալ յուշագիր ստորագրած է «Նոր դարաշրջան» կուսակցութեան նախագահ Յարութիւն Յարութիւնեանի եւ «Միաւորուած հայեր» կուսակցութեան պատուաւոր նախագահ, լիազօր ներկայացուցիչ Նայիրի Սարգսեանի հետ։ Յուշագիրը ստորագրած քաղաքական կուսակցութիւնները յայտարարած են, որ կը միաւորուին «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան քաղաքական օրակարգի եւ նախընտրական ծրագրի շուրջ եւ պիտի գործեն պետականութեան ամրապնդման, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու պաշտպանութեան, արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման, տնտեսական կայուն զարգացման, իրաւական եւ ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան ապահովման սկզբունքներու վրայ։

Նշուած է, որ ձեւաւորուող դաշինքի գաղափարական հիմքը համահունչ է Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ առաջ քաշուած ազգային-պետական եւ արժէքային մօտեցումներուն, եւ կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են համախմբուելու այդ գաղափարական հենքի շուրջ։ Քաղաքական կուսակցութիւնները գալիք ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին միասնական քաղաքական դաշինքով՝ «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ»։

Լուսանկարը հրապարակած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ կից գրած է՝ «Միաւորուելու ժամանակն է»: