Մարոնիթ Ռաի Պատրիարքի նոր «գիւտ»ը. ՄԱԿ-ի խաղաղարար ուժեր
Լիբանանի հանգուցաւոր առօրեային մէջ իւրաքանչիւր կողմ կը մտածէ իր «երգ»ին մասին:
Երգերէն շատ-շատերը փորձուած դրոյթներ են, որոնք ա՛լ հատած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենածանր փուլերը։
Այդ «երգերուն» ամէնէն գունաւորները (չեմ գիտեր ինչքանով է ճիշդ՝ երգն ու գոյնը փոխառնչելը) Լիբանան ժամանած եւ երկրի ապահովութիւնը իրենց ուսերուն (իբրեւ թէ) դրած ՄԱԿ-ի «Քուաթ մութահատիտաթ ալ ժընսիյա»-ի (Բազմազգ խաղաղարար ուժեր) ջոկատներ են, որոնք ժամանակ մը Պէյրութի ամենաթէժ գօտիներուն վրայ տարածուած էին։
Քիչ չեղան այն առիթները, երբ մենք Պէյրութի մէկ կողմէն միւս կողմը կ՚անցնէինք, ու ես մայրիկիս մեղրագոյն «Մազտա»-ի պատուհանէն ինչ հիացմունքով կը նայէի այդ ուժերուն։ Տպաւորիչ էր մանաւանդ, այդ ֆրանսացի, իտալացի եւ սպանացի զինուորներու գդակներուն վրայ դրուած գունաւոր փետուրները, որոնք մեզի համար հէքիաթներէ դուրս եկած պատկերներ կը ստեղծէին։
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը այդ տարիներուն սովոր դարձած էր Լիբանանի համար արտակարգ ժողովներ գումարել։
Օր մը Պէյրութի օդակայանը հարուածի տակ կ՚առնուէր, եւ ՄԱԿ-ը ստիպուած կ՚ըլլար արտահերթ նիստ գումարել, առիթով մը Զահլէն իր քրիստոնեայ միլիսներով կը շրջափակուէր սուրիական ուժերուն կողմէ ու այդ առթիւ ալ ՄԱԿ-ը դարձեալ նիստ կը գումարէր եւ այս անգամ Լիբանան մուտք գործած սուրիական «Քուաթ ալ ռատհ»-էն կը պահանջէր քակել աքցանը եւ թոյլ տալ քրիստոնեայ զինեալներուն, որ «կամացուկ» մը դուրս գան պաշարուած Զահլէէն։
Այստեղ անշուշտ Լիբանան ժամանած երկու տեսակի ուժերու մասին ակնարկեցի, առաջինը ՄԱԿ-ի հովանին կրող զօրքերն էին, որոնք տարբեր փուլերու ընթացքին տարբեր անուանումներ ունեցան, ու կային նաեւ արաբական ներկայութիւն համարուող ուժերը, որոնց գլխաւորը՝ Լիբանանի հարեւան երկրի՝ Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան ուժերն էին, որոնք ա՛լ աւելի ուշ կազմեցին «Լիբանանի մէջ սուրիական ներկայութիւն» եզրոյթը։
Չմոռնամ ըսել նաեւ, որ յաճախ պատահեցան դէպքեր, երբ այս երկու տարբեր հայեացք եւ մօտեցում ունեցող ուժերը «իրար մէջ մտան» եւ կազմեցին նոր որակի միջամտութեան գործիքներ։
Օրինակի համար, սիւննի աշխարհի կարեւոր տէրութեանց բանակային զօրամասեր նաեւ մաս կազմեցին «արաբական առաքելութեան», որ պատերազմի տարբեր փուլերուն փորձեց խաղաղարար դեր մը խաղալ եւ Պէյրութը «պահպանել» զայն բզիկ-բզիկ ըրած երկու գլխաւոր կողմերու ճիրաններէն։
Արաբները աւելի ուշ յոգնեցան ու քաշուեցան «խաղ»-էն։ Անոնք նախընտրեցին գործի պարարտ դաշտը տալ սուրիացի բանակայիններուն, որոնց տարբեր անցարգելներէն ես ալ անցած եմ ու «վայելած» «մինչեւ ականջները» զինուած «ռատըհ»-ի զինուորներու ոսկեայ ատամներուն ժպիտը։
Արաբները նախընտրեցին Լիբանանեան «փորձանք»էն հեռու մնալ եւ բաւարարուեցան ըսելով ՝ «փողը մեզմէ, գործը ձեզմէ...»։ Այդպէս ըրին արաբները, որովհետեւ ինչ որ տեղ անոնց քաղաքական դիրքորոշումը բաւական խախուտ էր ու իրենք զիրենք չէին գտներ Խորհրդային Միութիւն-Արեւմուտք ընթացող պայքարին մէջ։
Վերջին ըսածս շատ կարեւոր վարկած է, որովհետեւ այդ վարկածը ցայսօր ի զօրու է:
Հիմա եւս արաբները մեծ հաշուով (նկատի ունիմ Պարսից ծոցի արաբները) չեն գիտեր իրենց ուզածը եւ այդ ուզել չգիտնալը հետեւանք կը դառնայ մեծ «պարապութիւններու», այլ խօսք ,անշուշտ, որ որեւէ երկրի մէջ քաղաքական կեանքը չի սիրէր պարապութիւններ եւ ստեղծուած վիճակին մէջ կը յայտնուին նոր ուժեր, որոնք բնականաբար կը փորձեն գրաւել իրենց դիրքերը եւ հնարաւորինս տարածուիլ այդ շրջանին մէջ։ Խօսքը, անշուշտ, միայն Լիբանանի մասին չէ, բայց ակներեւ է, որ մի քանի կարեւոր տուեալներու հետեւանքով (դիրքային, յարանուանական եւ քաղաքակրթական) Լիբանանը կը զգենու կարեւոր դեր, իսկ Պէյրութը, ինչպէս երէկ այսօր ալ կը շարունակէ մնալ մեծ քաղաքականութիւններու հատման գիծն ու իրական սահմանը։
Երէկ Խորհրդային Միութեան սահմաններն էին, որ կը հանդիպէին մեր մանկութեան խաղալիքներուն, իսկ այսօր ահա Իրանեան քաղաքակրթութեան եւ կրօնական մօտեցումներն են, որ կը ձուլեն Պէյրութի մէջ հասակ առնող պատանիներու երազները։
Երէկ հերոսը Պաշիր Ժեմայէլն էր, որ մտադիր էր ամէն ինչ ընել Լիբանանը միակամ պահելու, բոլոր համայնքներուն իրենց իրաւսութիւնները տալու եւ անշուշտ Լիբանանը վերադարձնելու իր նախկին դերին այսինքն՝ «Արեւելքի Փարիզ»ին։
Այլ խօսք, որ Ժըմայէլ ինչ-ինչ պատճառներով ձախողեցաւ կերտելու իր մեծ երազը ու այդ երազի ճամբուն ալ զոհուեցաւ, բայց եւ այնպէս իր քաղաքական պատգամը մնաց Լիբանանցի քրիստոնեայ երիտասարդութեան մտքերուն մէջ։
Զինք փոխարինեց իր եղբայրը՝ Ամին Ժըմայէլը, որ հանդիսացաւ քաղաքացիական պատերազմի վերջին քառորդ փուլին նախագահը, որ սակայն չունեցաւ «մեծ երազ»։
Լիբանանը հարուածող մեծ փոթորիկներու օրերն էին, ան ամէն գնով պահեց նախագահական աթոռը եւ անոր քաղաքական իմաստը, բայց եւ այնպէս երկիրը «յանձնեց» բաւական ռիսքային կեցուածքներ ունեցող բանակի հրամանատար ՝ զօր. Միշէլ Աունի ղեկավարութեան։
Պատմութեան մնացեալ հատուածը յայտնի է բոլորիս, ու կարեւորը այդ փուլին հասկնալն է, թէ «երազ» չունեցող գործիչը ինչ տիպի մեծ սխալներ կը գործէ՝ պահպանելու համար միայն ու միայն իր եսը։
Վերադառնալով այսօրուան դրութեան, բոլորիս համար պարզ է, որ այսօր Լիբանանի համար «ապրող առասպելը»-ը «Հըզպալլա»-ի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլան է ու նոյնիսկ բոլոր անոնք, որ «կ՚ատեն» անոր գաղափարական գիծը, լռելեայն կ՚ընդունին եւ կը հասկնան, որ Նասրալլա իր խօսքը յարգող եւ իր գաղափարին հանդէպ անդաւաճան գործիչ է։
Այս բոլորէն անդին այսօրուան այս սիւնակս գրելու հիմնական պատճառը Մարոնիներու պատրիարք Ռաի կարտինալի կատարած յայտարարութիւնն է, որ Սուրբ Մարունի տօնին առթիւ իր տուած պատգամին մէջ յիշատակած է, որ Լիբանանը կարիք ունի փրկութեան եւ այդ փրկութեան կարծես թէ վերջին յոյսը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ գալիք յոյսն է։
Ռաի կարտինալի այս յայտարարութիւնները, ճիշդ է, նորութիւն են, բայց եւ այնպէս լսելի կը դառնան շարք մը կարեւոր զարգացումներէ ետք, որոնց ընթացքին ալ Վատիկանի մէջ մեծ յարգանք վայելով ժիպէյլցի կրօնական գործիչը կարողացած է օրակարգի ակօսներ բանալ։
Անկախ Լիբանան, Լիբանանի գերիշխանութեան խնդիր, առանց ապօրինի զէնքի Լիբանան եւ նման յայտարարութիւնները Ռաի Պատրիարքի քարոզներուն հիմնական գիծերն են ու կարծես ան կամաց-կամաց կը փոխէ իր նախկին դիրքերը եւ կը դառնայ Լիբանանի արեւմտամէտ թեւին խօսնակը։
ՄԱԿ-ին յենելու եւ Լիբանանի հարցերը արտաքին միջամտութեան ճանապարկով ու միջոցներով լուծելու մօտեցումները լաւագոյն լուծումը չեն, չըսելու համար՝ վտանգաւոր են Լիբանանի համար։
Հարկ կա՞յ յիշեցնելու 1980-ական թուականներու Պէյրութին մասին, ուր աշխարհի բոլոր մեծերուն գաղտնի սպասարկութեան բջիջները գործեցին ու երկիրը վերածեցին արեան բաղնիքի ու աւարտին ալ երեսի վրայ լքեցին երկրի քրիստոնեաները ու առանց ցտեսութիւն ըսելու ալ հեռացան։
Մտահոգիչը տակաւին մեր դիմացն է ու հասկնալի է, որ Ռաի Պատրիարքի այս մակարդակի կոչերը կրնան բանալ Լիբանանին համար նոր վէրքեր, որոնցմէ դուրս գալը բաւական արիւնալի պիտի ըլլայ։
Իսկ այն որ օտար ուժերու ներկայացուցիչներուն գլխուն դրուած փետուրները գեղեցիկ էին, իսկ Ռատըհի զինուորներուն ոսկի ատամները անտանելի ճիշդ է, բայց առնուազն սուրիացի զինուորները գիտէին պաշտպանել Քրիստոնայ փոքրամասնութիւններու անվտանգութիւնը, որոնց ղեկավարներէն մին է ինք Ռաի պատրիարքը։
Ճիշդ է այդ ճանապարհին եղան մեծ բացթողումներ, անարդարութիւններ, սպանութիւններ, բայց Լիբանանի պէս փոքրիկ երկրի մը համար աւելի ճիշդ էր ու աւելի ճիշդ է մնալ այն գիծին մէջ, որուն հիմնական սահմանագիծերը կը հասնին մինչեւ «տաք ջուրեր» եւ առնուազն երկիրը հեռու կը պահեն արեւմուտքի կեղծ արժէքներէն։
Այդ մասին թող մտածեն լիբանանցիք եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի միջամտութեան մասին։
Սագօ Արեան