image

Պատերազմի առաջին ամիսը. Ամերիկան անորոշութիւն եւ իրանեան նոր կանոններ

Պատերազմի առաջին ամիսը. Ամերիկան անորոշութիւն եւ իրանեան նոր կանոններ

«Անպարտելիութեան»   բարդոյթ եւ …անորոշութիւն 

Կը բոլորենք պատերազմի առաջին ամիսը։Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը դարձած է աւելի բարդ, քան ինչ էր այս պատերազմի նախօրէին։ Բոլոր կողմերը, մեծ հաշուով ունին մեծ վնասներ, ու ասոր կողքին կայ տպաւորութիւն, որ հրադադարի առաջին շողին հետ, նոյն բոլոր կողմերը պատրաստ պիտի ըլլան յայտարարելու, որ «իրենք» յաղթած են։  Պատերազմող կողմերէն իւրաքանչիւրը այդ յայտարարութիւնը պիտի ընէ հաշուի առնելով իր ուժեղ կողմերը եւ զանոնք դարձնելով բանակցութեանց ընթացքին «կենսական միաւոր»ի։ 

Կայ հիմնարար վարկած, որ ԱՄՆ-Իսրայէլեան այս պատեարզմը հաւանաբար չկարողանայ հասնիլ իր «վախճանական նպատակներ»ուն ու եթէ այդ գծով առաջ տանինք իրերը պիտի նկատենք, թէ յատկապէս Միացեալ Նահանգներն ու նախագահ Տանըլտ Թրամփը տարբեր մօտեցումներ ունենալով պիտի փորձեն վերատեսութեան ենթարկել իրենց ակնկալիքներու կամ վերջնանպատակներու ընդհանուր «բաղադրատոմս»ը։ Նոյնը չէ պարագան Իսրայէլի վարչապետին, որ իր ամբողջական ներուժը դրած է այս «գործ»ին մէջ եւ կը հաւատայ, որ Իրանի իշխանակարգի փոփոխութիւնը մտած է վճռական փուլ եւ դարձած է հիմնական գերնպատակ։ 

 Իրանի պարագային ալ կան բոլոր հիմնարար կէտերը, որոնց վրայ յենուելով աշխարհի միակ շիիթ հանրապետութիւնը կրնայ վերադասաւորել իր ներքին համակարգը եւ այս անգամ ալ աշխարհին ներկայանալ, որպէս իրողապէս անպարտելի պետութիւն մը։

 Այդ «անպարտելիութեան» մէջ կան մի քանի ընդգծուած ելակէտեր, որոնք Իրանը կրնան դարձնել աւելի ծայրայեղական, աւելի պահանջկոտ եւ աւելի արժանահաւատ կրօնապետութիւն մը։ 

Իրանի մասին խօսելով հարկ է հաշուի առնել այդ երկրի ներքին «տինամիք»ները.այն իմաստով, որ իրանցի ժողովուրդը այս փուլին ինչքանով պատրաստ է համակերպիլ ստեղծուած վիճակին, ինչքանով պատրաստ է չհակազդել եւ ի վերջոյ ինչքանով համաձայն է, որ մեծ սխալներ գործած ու ամբողջ շրջանի անվստահութեան թիրախին մէջ մխրճուած Այաթոլլաներու վարչակարգը շարունակէ իր երթը...։ 

 Այս բոլորը կարեւոր եւ կենսական հարցադրումներ ըլլալէ բացի կը բանան անշուշտ տարածաշրջանի յառաջիկայ փուլի մեծ ուղիները, որոնք իմաստութեան գոյութեան պարագային կրնան կազմել համատեղ ապրելու, տարածաշրջանը արտաքին միջամտութիւններէ զերծ պահելու եւ իրողապէս Մերձաւոր Արեւելքի մարմինը արիւնոտ սաւանէն «փրկել»ու իրական հնարաւորութիւնները։ 

 Գալիք «խաղ»ը ապահովաբար պիտի կայմուի բոլորովին այլ սկզբունքներու վրայ, որուն մէջ իրանցիք, շնորհիւ իրենց դիմադրական ուժին ու քաղաքական կամքին պիտի խլեն «առիւծի բաժին»ը։ 

 Կան բազմապիսի ճանապարհներ, որ այս հակամարտութիւնը հասնի իր տրամաբանական աւարտին, ու այս առումով ալ բանալի բառեր պիտի ըլլան հակամարտութեան երկարատեւութեան, Հորմուզի նեղուցի, ինչպէս նաեւ իրանեան «Խալք» կղզիին ճակատագիրը։ Ասոնք ի հարկէ կարճաժամկէտ գործընթացներու հիմնական օճախներն են, որոնք կրնան թիւրացնել, որ Ամերիկացիք զիջումներու երթան ու յօժարին դարձեալ նստիլ Իրանի հետ բանակցութեան նոյն սեղանին։

Իսրայէլի տեսանկիւնէն դիտուած իրավիճակը շատ աւելի բարդ է.պարզ այն պատճառով, որ այդ երկրի վարչապետին համար այս պատերազմէն դուրս գալը պէտք է ըլլայ միայն ունենալով «վախճանական նպատակներ»ու իրականացում։ Այդ կը նշանակէ իրանեան վարչակարգի ամբողջական փլուզում, որ այս փուլին առնուազն երեւելի բան մը չէ տեսանելի հորիզոնին վրայ։ Ու այդ պատճառով ալ, եթէ Նաթանիահու չկարողանայ իր հիմնական մուրազին հասնիլ, այդ կը նշանակէ, որ ան պիտի ապրի բաւական բարդ ներքին փորառութիւններ եւ լարումներ։

Միացեալ Նահանգներու պարագային ձեւաչափը նոյնը չէ, սակայն Թրամփի վարչակարգը եւս կրնայ ապրիլ դժուար ելք ունեցող փորձառութիւններ, այն միակ տարբերութեամբ, որ ի հեճուկս իսրայէլեան իրավիճակին ԱՄՆ-ի պարագային կան անվտանգային եւ օրէնսդրական այնպիսի «բարձիկ»ներ, որոնց շնորհիւ հնարաւոր կ՚ըլլայ առանց մեծ ցնցումներու դուրս գալ այս բոլորէն։

 

 Միացեալ Նահանգներ «շփոթահա՞ր» 

Շփոթահար չէ՞ Միացեալ Նահանգներու նախագահը. Ան նախ  խօսեցաւ   ժամեայ պայմանաժամի մը մասին  ապա  այդ պայմանաժամը երկարեց    ու վերածեց հինգ օրուան սպասման։  Միւս կողմէ  տարբեր աղբիւրներ սկսան  խօսիլ հաւանական բանակցութեանց մասին, որ պիտի կայացուին  Իսլապատամի մէջ։

 Վերջնական չեն այդ լուրերը,  մանաւանդ, որ Իրան կը շարունակէ  հերքել, թէ        իրենք  բանակցութիւններ կը  վարեն (նոյնիսկ անուղղակի  բանակցութիւններ)  Միացեալ Նահանգներու հետ։ Այս  բոլորին  առընթեր ամէնէն աւելի շփոթահար վիճակի մը մէջ է   Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Տանըլտ  Թրամփը։  Անոր  խօսոյթը  կը շարունակուի  մեծ տատանումներով  եւ հարցման  նշաններով։ Մինչ  ան  օրեր առաջ կը յայտարարէր, որ    իրենք (Ամերիկան)  յաղթած է Իրանին ու ալ թիրախներ  չկան      կրակի   արժանի,    այսօր  ան    մանուածապատ յայտարարութիւններ կ՚ընէ  ըսելով, որ    այս պատերազմը  պէտք է արագօրէն  դադրի։ 

 Միւս կողմէ  Ամերիկեան   լրատուական աղբիւրներ լուրեր  կը տարածեն  այն մասին,  որ  ԱՄՆ-ի  համար այս փուլին շատ   կարեւոր է ունենալ  ցամաքային միջամտութիւն։  Եւ այդ միջամտութիւնը  շատ հաւանաբար կը կապուի  իրանեան «Խարք» կղզիին հետ, որուն գրաւումով    ԱՄՆ-ի համար շատ աւելի հեշտ  պիտի ըլլայ    բռնի ուժով վերաբանալ  «Հիւրմիւզ»  ջրանցքը ու  այդպիսով     ապահովել  նաւթատար  նաւերու անվտանգ  երթեւեկը։ 

Մէկ  ամսուան  պայքարէ  ետք, այսօր Միացեալ Նահանգներ (նաեւ սխալ հաշուարկներու պատճառով)   ծայր  աստիճան  փոքրացուցած է իր  «պատերազմի տեսլական»ը։  Մեծ բառերով եւ  նշաձողերով  ընթացք  առած  պատերազմը  այլեւս  եւ ըստ երեւոյթին մարդկային ազատութիւնները չեն,  Իրանի մէջ  ժողովրդավարութեան հաստատումը չէ,  ոչ ալ մարդկային կեանքեր  փրկելու  տեսալականը։

 Գերնպատակը  Միացեալ Նահանգներու համար  պարզապէս  «Հիւրմիւզ»ի ջրանցքի   վերաբացումն է   ու  այդ բոլորի ետին  տնտեսական  շահն ու   նաւթի հանդէպ   Միացեալ Նահանգներու   ունեցած  մեծ  կարիքն ու «ծարաւ»ը։ Գաղափարական առումով   ուրեմն եթէ իրերը  փորձենք իրենց անունով  կոչել   ապա անպայման պիտի համոզուինք, որ այս փուլին   Միացեալ Նահանգներ տեղի տուած է  եւ անոր  այս պատերազմը  մղելու բոլոր  «մեղմացուցիչ  դէպք յանցանաց»ները  սպառած են։

Իրանի  մասին  վաղ է  խօսիլ,  կամ անոր սխալները  խոշորացոյցով  մատնացոյց  ընել, որովհետեւ Իրանը չէր,  որ  այս պատերազմին մեկնարկը տուաւ, կամ     յարձակում  գործեց իր հարեւան  երկիրներուն վրայ։  Այս  խաղին մէջ,  խաղի թելադրականութեան մէջ    առիւծի տեղ ունեցողը  Միացեալ Նահանգներն   են ու անոր գործած  սխալները  մեծապէս  կը նուազեցնեն   այդ գերտէրութեան վարկն  ու արժանահաւատութիւնը։

 

 Բանակցութի՞ւն թէ  ցամաքային միջամտութիւն

ԱՄՆ «Հանրապետական» գոնկրէսական  (երեսփոխան) Նէնսի Մէյս յստակ կարմիր գիծ գծեց՝ յայտնելով, որ Իրանի մասին փակ տեղեկատուական նիստէ մը ետք ինք պիտի չաջակցի ցամաքային զօրքերու ներգրաւման։ Անոր այս յայտարարութիւնը լայն արձագանգ գտաւ, մինչ ուրիշ հանրապետականներ եւս զգուշութիւն արտայայտեցին նման քայլի նկատմամբ։

Վիճակագրական տուեալները կը հաստատեն հանրային մտահոգութիւնը։ Reuters-Ipsos հարցախոյզին համաձայն՝ ամերիկացիներու 65 տոկոսը կը կարծէ, որ մեծածաւալ ցամաքային գործողութիւն մը Իրանի մէջ առնուազն որոշ չափով հաւանական է։ Միեւնոյն ժամանակ միայն 7 տոկոսը կը պաշտպանէ նման բանակային լայնածաւալ տեղակայումը , մինչ 34 տոկոսը կը համաձայնի սահմանափակ, յատուկ ուժերու գործողութիւններուն։

Աւելի լայն պատկերով, ամերիկացիներու մօտաւորապէս վեցէն չորսը կը կարծէ, թէ Իրանի դէմ վերջին գործողութիւնները «չափազանց հեռու գացած են»։Հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 26 տոկոսը զանոնք կը նկատէ «ճիշդ», իսկ 13 տո Նոյն ուղղութեամբ, Pew Research Center-ի հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ ամերիկացիներու մեծամասնութիւնը չի դէմ է Իրանի հարցով նախագահ Թրամփի վարած  քաղաքականութեան։  Յատկանշական է նաեւ «Հանրապետական» կուսակցութեան ներսի բաժանումը, ուր երիտասարդները աւելի քիչ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, քան տարեցները։

Միեւնոյն ժամանակ, Սպիտակ տունը կը շարունակէ շեշտել, որ որոշումները չեն հիմնուիր հանրային կարծիքին վրայ, այլ՝ «ամերիկացի ժողովուրդի շահերուն»։ Պաշտօնապէս կը յայտարարուի, թէ այս պահուն ցամաքային զօրքեր ուղարկելու ծրագիր չկայ, սակայն նախագահը չի բացառեր այդ տարբերակը, եթէ անհրաժեշտ նկատուի։

Ինչպէս վերը շեշտեցի այս բոլորին առընթեր այսօր ամերիկացիներուն համար (կամ առնուազն վարչակազմին համար) առանցքային կը շարունակէ մնալ «Հիւրմիւզ» ջրանցքի կենսախնդիրը։ Եւ այդ առումով որոշ «կարգադրութիւններ» կատարելու կենսականութիւնը։ 

Ըստ Սպիտակ տան բանբերի մը, բանակցութիւնները Իրանի հետ կը շարունակուին «արդիւնաւէտ» ձեւով, սակայն միաժամանակ կը հնչեն խիստ սպառնալիքներ, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է կտրուկ քայլերու, եթէ Թեհրան չընդունի իր պայմանները։

Այս բոլորին մէջ յստակ է մէկ բան․ թէեւ դիւանագիտութիւնը տակաւին սեղանին վրայ է, պատերազմական սրման վտանգը կը շարունակէ մնալ իրական եւ շատ մօտ։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...