Վերջին տարիներուն պայմաններու բերումով Յարութ Կիւտէշեան գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ։ Տխուր եւ ծանր պայմաններ ստեղծուեցան անոր ընտանիքին մէջ, նախ կորսնցուց իր սիրեցեալ տիկինը, որմէ ետք ալ տարած ծանր հիւանդութիւն։ Այս օրերուն ալ յաւերժին փակեց իր աչքերը, վստահօրէն իր մտքին մէջ պայծառութեամբ պահելով Պէյրութի մէջ ապրած իր օրերը, ուր միութենական եռանդն ու ընկերական աշխոյժ կեանքը եղած էին անոր անբաժան ընկերակիցները, այդպիսով ալ վերածուելով շրջանակին մէջ սիրուած ու յարգուած անձնաւորութեան մը։
Կեանքը երբեմն կը կանգ առնէ՝ խոնարհելով մեր յիշողութիւնները այն մարդոց առջեւ, որոնք իրենց ներկայութեամբ արժէք տուած են համայնքին, ընկերակցութեան եւ մարդկային կապերուն։ Այսօր այդպիսի մէկ կորուստի առջեւ կը գտնուի Հ.Մ.Մ. Պէյրութի մեծ ընտանիքը՝ հրաժեշտ տալով իր հաւատարիմ անդամներէն եւ նուիրեալ ընկերներէն մէկուն, որ կը կոչուի Յարութ Կիւտէշեան։
Յարութ Կիւտէշեան անունը միայն անձ մը չէր, այլ՝ նուիրումի, մարզական ոգիի եւ ընկերասիրութեան խորհրդանիշ։ Ան իր կեանքով եւ գործունէութեամբ դրոշմեց այն արժէքները, որոնց վրայ կը կառուցուի Հ.Մ.Մ.-ի ոգին՝ միութիւն, աշխատանք եւ սերունդներու շարունակական կապ։
Այս կորուստը ոչ միայն անհատական վիշտ մըն է, այլ նաեւ համայնքային մեծ պակաս մը, որ երկար ժամանակ պիտի զգացուի։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ ՀՄՄ-ի պաշտօնական էջին կողմէ հրապարակուած մահագրութիւնը՝
Հ.Մ.Մ. Պէյրութի մեծ ընտանիքը կը գուժէ երկար տարիներու Միութեան հաւատաւոր անդամներէն եւ նուիրեալ ընկերներէն ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒՏԷՇԵԱՆ-ի մահը։
Մարզական ասպարէզին մէջ ան ցուցաբերած է աչքի զարնող կարողութիւններ՝ իբրեւ Հ.Մ.Մ. «Փարամազ» ֆութպոլի կազմի արագավազ յառաջապահ, որուն համար համակիրները զինք կը կոչէին «Թիյարա»: 1970-ական տարիներուն մաս կազմած է նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի Ա. կազմին։
Ֆութպոլէն անդին, ան գործուն մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթպոլի առաջին կազմին, իսկ հետագային ստանձնած է աղջկանց պասքէթպոլի կազմի մարզիչի պատասխանատուութիւնը՝ իր փորձառութիւնը եւ նուիրումը փոխանցելով նոր սերունդին։
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ յարգելի ընկեր: