Պատասխանելով « acTVism » Միւնէխի հաղորդավար՝ Զայն Ռիզային հնչեցուցած «Ինչպէ՞ս պէտք է Արեւմտեան երկիրներու ղեկավարները արձագանքեն 30Նոյեմբերին Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններուն» հարցին, ամերիկեան Մասաչուսէթս նահանգի համալսարանի լեզուաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր Նաում Չոմսքին պատասխանած է, «Այս հարցը կախեալ է անկէ, թէ ի՞նչ է անոնց նպատակը, քաջալերե՞լ յետագայ ահաբեկչութիւնները, թէ վերջ տալ անոնց, ասոնց միջեւ կը կայանայ ընտրութիւնը», նշելով, որ եթէ Եւրոպայի ղեկավարութեան ուզածը ահաբեկչութեան վերջ տալն է, ապա պէտք է անոնք մտածեն, թէ ի՞նչն են անոր տեղի ունենալու երկրորդական եւ հիմնական-արմատային պատճառները եւ պէտք է ուղղուին արմատային պատճառներու վերացման»: Ան յայտնած է, որ պատճառներու մասին մենք շատ բան չենք գիտեր, բացի Սինայի մէջ ռուսական պատերազմական օդանաւի խորտակման վերաբերեալ «Տահէշ»ի կատարած յայտարարութենէն, ուր անոնք ըսած են «եթէ դուք մեզ պիտի ռմբակոծէք, մենք ալ ձեր դէմ յարձակում պիտի գործենք», այս մէկը Չոմսկիի համոզմամբ հարցի անուղղակի պատճառն է, որու փոխարէն Չոմսքին կ'առաջարկէ քննարկել այս բոլորի հիմնական պատճառները, նշելով ամերիկացներու Իրաք ներխուժումը, Սիւննի իսլամներու ուահհապիական գաղափարներու աճը, Ասատի ռէժիմի դաժանութիւնը եւ այլ օրինակներ: Չոմոսքին յստակացնելով իր միտքը, պարզաբանած է, որ եթէ մեծ պետութիւնները իսկապէս կ'ուզեն նուազեցնել ահաբեկչական յարձակումներու հաւանականութիւնը, պէտք է իրենց ուշադրութիւնը ուղղեն այս պատճառներուն, իսկ եթէ կ'ուզեն հակառակը, անոնք պէտք է կատարեն նախագահ Հոլլանտի կոչը, թէ «Եկէ՛ք ուժեղացնենք «Տահէշ»ի վրայ ռմբակոծումները, եկէ՛ք ոչնչացնենք զանոնք ռազմական ուժերով», որու իրականացումը Չոմսքին անկարելի կը համարվ, յայտնելով, որ այդ քայլը աւելի վատ հետեւանքներ պիտի արձանագրէ, որովհետեւ հարցի արմատական լուծման չէ ուղղուած, եւ այդ արմատներն են, որ կը կազմեն խնդրի իսկական երեսը: