«Աստղիկ» բժշկական կեդրոնէն ներս վիրահատուած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի տիկինը՝ Նունէ Սարգսեանը: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ նախագահի օգնական Յասմիկ Պետրոսեանը:
168.am-ի փոխանցմամբ, անոր տեսակցութեան եկած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Այս տեղեկութեան վերաբերեալ փորձեցինք մանրամասներ ճշդել Կառավարութեան Տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեանէն. Ան նշած է, որ ինքը նման տեղեկութիւն չունի: