image

Նահէտ Հաթթարը սպաննողը 50 տարեկան իսլամիստ մըն է

Նահէտ Հաթթարը սպաննողը 50 տարեկան իսլամիստ մըն է

«Ես զինք սպաննեցի, իսլամութեան դէմ ըրած վերջին հրապարկումին համար» հարցաաքննութեան ատեն ըսած է երէկ Ամմանի սահմանադրական դատարանի շէնքին առջեւ յորդանանցի լրագրող եւ մտաւորական Նահէտ Հաթթարը սպաննած իսլամիստը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Քուտս» պարբերականը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ձերբակալեալ ահաբեկիչ Րիատ Իսմահիլ Ահմատ Ապտալլա ( 50 տարեկան) նոյնպէս անդամ է «Յորդանանի սալաֆիստ շարժում»ին: Յորդանանեան մարդկային իրաւանց կազամկերպութիւններ բողոքած են կառավարութեան զոհուած լրագրողին անվտնագութիւնը ապահովելու խնդրին մէջ ըրած երեւելի բացթողումին առընթեր: Կը նշուի, որ Հաթթարի համակիրները վերջին ամիսներու կառավարութեան քանիցս դիմումներ ըրած են ապահովելու համար Հաթթարի անվտնագութիւնը: