image

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ՝ նոր քաղցկեղաբուժական թերափիա եւ TeleMed

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ՝ նոր քաղցկեղաբուժական թերափիա եւ TeleMed

Հայաստանի բժշկական համայնքին ներկայացուեցան ուռուցքաբանութեան եւ վերականգնողական բժշկութեան մարզի երկու արդիական լուծումներ՝ ֆոթոպիոմոտուլիասիոն թերափեւթիք սարքաւորումը եւ TeleMed թուային ծրագիրը (հաւելուածը)։ 

Ձեռնարկը կազմակերպած էր «Մետ Քէյր Արմենիա» ընկերութիւնը՝ նպատակ ունենալով տեղական առողջապահական համակարգին մէջ ներդնել միջազգային առաջատար փորձառութիւնը։ Հանդիպումին մասնակցեցան տեղացի ուռուցքաբաններ, քիմիաթերափեւթներ եւ մարզի այլ մասնագէտներ։

Արտասահմանի առաջատար մասնագէտներու երկրորդ կարծիք՝ TeleMed-ի միջոցաւ

TeleMed ծրագիրը կարելիութիւն կու տայ հիւանդներուն եւ բժիշկներուն հեռավար դրութեամբ ստանալու անկախ մասնագիտական երկրորդ կարծիք՝ արտասահմանեան առաջնակարգ կեդրոններէ։


Ինչպէս նշեց բժիշկ Համպիկ Ռաֆայէլ Կուրիէն, համակարգը կը ընդգրկէ ոչ միայն ուռուցքաբանական, այլեւ բժշկական բարդ այլ դէպքեր․
Լայն աշխարհագրութիւն․ հարթակին մէջ ներգրաւուած են ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու առաջատար մասնագէտներ։

Պարզ գործընթաց․ հիւանդը կամ իր բժիշկը հարթակին վրայ կը տեղադրեն անհրաժեշտ հետազօտութիւններու արդիւնքներն ու բժշկական փաստաթուղթերը, որմէ ետք արտասահմանցի փորձագէտները կը տրամադրեն իրենց եզրակացութիւնն ու բուժման առաջարկուող տարբերակները։

Ֆոթոպիոմոտուլիասիոն թերափիա․ քաղցկեղի բուժման կողմնակի ազդեցութիւններու նուազեցում


Միւս նորութիւնը՝ ֆոթոպիոմոտուլիասիան, Հայաստանի մէջ կը կիրարկուի առաջին անգամ։ Անիկա նախատեսուած է ճառագայթային, քիմիաթերափիայի եւ իմունոթերափիայի հետեւանքով առաջացող տոքսիքութիւնն ու կողմնակի ազդեցութիւնները կանխարգիլելու եւ բուժելու համար։

Բժիշկ Ֆուատ Կերպաժի ներկայացմամբ՝ թերափիան ունի շարք մը առանցքային առաւելութիւններ․

Ապահովութիւն․ ընթացակարգը կը կատարուի ախտահարուած հատուածին վրայ կարմիր եւ ինֆրակարմիր լոյսի ազդեցութեամբ եւ չունի կողմնակի ազդեցութիւններ։


Որոշակի ժամանակացոյց․ մէկ նիստը կը տեւէ 5-15 վայրկեան՝ կախեալ տոքսիքութեան աստիճանէն։ Բուժման ընթացքը միջին հաշուով կը տեւէ 4-6 շաբաթ՝ շաբաթական 3 նիստ դրութեամբ։

Բարձր արդիւնաւէտութիւն․ հետազօտութիւնները ցոյց կու տան շուրջ 60% բարելաւում ցաւի կառավարման, վէրքերու լաւացման, հակաբորբոքային ազդեցութեան եւ տոքսիքութեան նուազեցման ուղղութեամբ։

Բուժման անընդհատութիւն․ թերափիան թոյլ կու տայ խուսափիլ դեղաչափերու նուազեցումէն կամ բուժման ընդհատումէն՝ կարելիութիւն տալով հիւանդին անցնելու քաղցկեղի բուժման ամբողջական ընթացքը։

Ֆոթոպիոմոտուլիասիան, ուռուցքաբանութենէ զատ, լայնօրէն կը կիրարկուի նաեւ կնախտաբանութեան (կինեկոլոկիա), ոսկրաբուժութեան (օրթոփետիա) եւ ատամնաբուժութեան մարզերուն մէջ։

 

Լուրը՝ «Արմէնփրէս»էն