Հարկադիր կատարումն ապահովող ծառայութիւնը արգելանք դրած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին եւ անոր հետ փոխկապակցուած ընկերութիւններուն պատկանող տասնեակ անշարժ ու շարժական գոյքերու, բաժնեմասերու, խուզարկութեամբ յայտնաբերուած խոշոր չափի դրամական միջոցներու, զարդերու, ինչպէս նաեւ Սեւանի ափամերձ շինութիւններու վրայ։ Այս մասին կը յայտնեն Հարկադիր կատարումն ապահովող ծառայութենէն։
«Հարկադիր կատարումն ապահովող ծառայութիւնն ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման եւ յատուկ նշանակութեան բաժնում Հակակոռուպցիոն դատարանի կողմից տրուած կատարողական թերթի հիման վրայ յարուցուած կատարողական վարոյթի շրջանակում արգելանք է կիրառուել պարտապան Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող շուրջ 29 անշարժ, 488 շարժական գոյքերի, 33 տրանսպորտային միջոցի, եւ 27 տարբեր ընկերութիւններում առկայ բաժնեմասերի, ինչպէս նաեւ վերջինիս հետ փոխկապակցուած 40 իրաւաբանական կազմակերպութիւնների բաժնեմասերի եւ բաժնետոմսերի, ինչպէս նաեւ վերջիններիս պատկանող գոյքերի նկատմամբ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Արգելանք դրուած է նաեւ Քննչական կոմիտէի կողմէ Գագիկ Ծառուկեանի առանձնատան մէջ կատարուած խուզարկութեան արդիւնքով յայտնաբերուած խոշոր չափի դրամական միջոցներու եւ թանկարժէք զարդերու վրայ։
Պարտապանին նաեւ պարտաւորեցուած է որեւէ գործողութիւն չկատարել յայտնաբերուած եւ արգելանքի տակ դրուած գոյքերը ապօրինաբար տնօրինելու ուղղութեամբ։
Մէկ այլ կատարողական վարոյթի շրջածիրէն ներս՝ վարոյթն իրականացնող հարկադիր կատարողի գործողութիւններուն արդիւնքով, Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող՝ Սեւանայ լիճի ափամերձ տարածքին մէջ գտնուող անշարժ գոյքերու եւ շինութիւններու նկատմամբ արգիլուած է սեփականատիրոջ փոփոխութեան կատարումը, ինչպէս նաեւ նշեալ գոյքերու փաստացի վիճակը վատթարացնող որեւէ ապօրինի գործողութիւն։
