Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2026-2027 տարեշրջանի հանդիսաւոր վերամուտը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ա-էն ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն համար: Նշենք, որ Թ.-էն ԺԲ. դասարաններու աշակերտները արդէն իսկ շաբաթ մը առաջ սկսած էին իրենց կանոնաւոր դասաւանդութիւններուն:
Առաւօտեան աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ ժամանեցին դպրոց: Օրուան յայտագիրը սկսաւ պաշտօնական հաւաքով, ուր աշակերտութիւնը, ծնողները, ուսուցչակազմն ու տնօրէնութիւնը միասնաբար կատարեցին առաւօտեան աղօթքը: Ապա տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն. հանդիսաւորապէս բարձրացուեցան Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի դրօշակները՝ ընկերակցութեամբ իւրաքանչիւրի քայլերգին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան, որ բարի վերադարձ մաղթեց աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն: Ան յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքին միացած նոր աշակերտներուն: Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ թէեւ մեր սիրելի հայրենիքի՝ Լիբանանի կացութիւնը տակաւին անկայուն է, սակայն, նախորդ տարիներու նման, վարժարանը նոր տարեշրջանը կը սկսի ամբողջական պատրաստակամութեամբ՝ դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները եւ լաւագոյն ու որակեալ կրթութիւնը փոխանցելու մեր սիրելի աշակերտներուն:
Արարողութենէն քիչ ետք աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները, ուր սեղաններուն վրայ արդէն պատրաստուած էին դպրոցական գրենական պիտոյքները:
Նախակրթարանի իւրաքանչիւր դասարան անուանուած էր ծանօթ ծաղրանկարային կերպարի («cartoon character»-ի) մը անունով, իսկ դասարանները զարդարուած էին համապատասխան պատկերներով, աւելին՝ կերպարները անձամբ կը սպասէին փոքրիկներուն իրենց դասարաններուն մէջ, ինչ որ անսահման ժպիտ եւ ուրախութիւն պարգեւեց բոլորին:
Դպրոցի բակին մէջ կազմակերպուած էր տօնական յատուկ յայտագիր: Աշակերտները վայելեցին՝ գիտական փորձերու («science show»-ի) եւ ձեռնածութեան («magic show»-ի) հետաքրքրական ներկայացումներ , փուչիկներով անասուններ պատրաստողներու աշխատանք, հսկայ կերպարներու շրջագայութիւն, զանազան խաղեր եւ հիւրասիրութիւն:
Օրուան անակնկալն էր ռոպոթ-շունը, որ այցելեց դասարանները, աշակերտներու հրահանգներով կատարեց հետաքրքրական ցուցադրութիւններ եւ մեծ հիացմունք ու խանդավառութիւն պատճառեց բոլորին:
Յաջորդ օրը՝ Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 2026-2027 տարեշրջանի անդրանիկ Ս. Պատարագը, զոր մատուցանեց վարժարանիս հոգեւոր վարիչ հայր Լեւոն վրդ. Ստեփան:
Խանդավառ ու տօնական մթնոլորտով, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը բացաւ իր դռները՝ նոր ուսումնական տարեշրջանը դիմաւորելու յաջողութեան, վերելքի եւ արդիւնաբեր աշխատանքի հաստատակամ հաւատքով:
Այս վերամուտով, հայ դպրոցը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ կարելի է աշակերտներուն փոխանցել անհուն ուրախութիւն ու ժպիտ, եւ նոր տարեշրջանը սկսիլ լաւատեսութեամբ, անսպառ խանդով, երեւակայութեան անսահման թափով եւ ապագայի վառ տեսլականով։
.png)
1.png)
1.png)
.png)
