image

Մոնթէպէլլոյի Հայութիւնը Հրշէջ Մեքենայ Մը Նուիրած է Արցախին

Մոնթէպէլլոյի  Հայութիւնը Հրշէջ Մեքենայ Մը Նուիրած է Արցախին

 Լոս Անճելոս հրապարկուող «Ասպարէզ»էն կը  կարդանք, թէ   18 Նոյեմբերին  ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Մոնթէպելլօ քաղաքի «Դրօ» կոմիտէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան նուիրած է ամերիկեան հրշէջ ինքնաշարժ մը: Նախաձեռնութիւնը իրականացած է քաղաքապետութեան կողմէ՝ շնորհիւ քաղաքապետ  Ճեք Հաճինեանի հետ տարուած միացեալ աշխատանքին։ Յիշեցնենք, որ 2005 թուականին Մոնթեպելլօ քաղաքը հռչակուած է Ստեփանակերտի հետ քոյր քաղաք: Ասիկա քաղաքապետ Ճեք Հաճինեանի առաջին այցելութիւնն է Արցախ։