Լոս Անճելոս հրապարկուող «Ասպարէզ»էն կը կարդանք, թէ 18 Նոյեմբերին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Մոնթէպելլօ քաղաքի «Դրօ» կոմիտէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան նուիրած է ամերիկեան հրշէջ ինքնաշարժ մը: Նախաձեռնութիւնը իրականացած է քաղաքապետութեան կողմէ՝ շնորհիւ քաղաքապետ Ճեք Հաճինեանի հետ տարուած միացեալ աշխատանքին։ Յիշեցնենք, որ 2005 թուականին Մոնթեպելլօ քաղաքը հռչակուած է Ստեփանակերտի հետ քոյր քաղաք: Ասիկա քաղաքապետ Ճեք Հաճինեանի առաջին այցելութիւնն է Արցախ։