image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկահայ նուիրեալ ամոլ՝ Այնթէպլեաններու նուէրը հայրենի վարժարանի մը. Նուիրած են 500 000 ԱՄՆ տոլար

Ամերիկահայ նուիրեալ ամոլ՝ Այնթէպլեաններու  նուէրը հայրենի վարժարանի մը. Նուիրած են 500 000 ԱՄՆ տոլար

Երեւանի աւագանին որոշած է «Երեւանի հ.87 միջնակարգ դպրոց» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնն անուանակոչել ամերիկահայ բարերարներ Յակոբ եւ Լութովիքա Այնթէպլեաններու անուամբ:

Նախագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած էր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ Յակոբ եւ Լութովիքա Այնթէպլեանները փափաք յայտնած են իրականացնելու «Երեւանի հ.87 միջնակարգ դպրոց» ՊՈԱԿ-ի հիմնանորոգումը (Աւան վարչական շրջանի Խուդիակովի փողոց, 44):

Ամուսինները որպէս նուիրաբերութիւն փոխանցած են 500,000 (հինգ հարիւր հազար) ԱՄՆ տոլար գումար: Միաժամանակ, նուիրաբերողները ցանկութիւն յայտնած են դպրոցը անուանակոչելու իրենց անուամբ:

Յակոբ Այնթէպլեանը բժիշկ-սրտաբան է, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, անդամ է Նիւ Եորքի գիտութիւններու ակադեմիային: «Հայաստանի օժանդակութեան Ամերիկայի համագաղութային մարմնի» կողմէ, որու փոխատենապետը եւ բժշկական օգնութեան յանձնախումբի նախագահն է Յակոբ Այնթէպլեանը, 1988 թուականի 7 դեկտեմբերի երկրաշարժէն ետք զգալի աջակցութիւն տրամադրած է երկրաշարժէն տուժածներուն:

Յակոբ եւ Լութովիքա Այնթէպլեանները աշխոյժօրէն կը մասնակցին եւ կ'օժանդակեն ամերիկահայ համայնքի հասարակական ու մշակութային կեանքին: Երեւան քաղաքի Աւան վարչական շրջանի «Երեւանի հ.87 միջնակարգ դպրոց» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը Յակոբ եւ Լութովիքա Այնթէպլեաններու անուամբ անուանակոչելու վերաբերեալ ներկայացուած է միջնորդութիւն դպրոցի տնօրինութեան կողմէ:

«Երեւանի հ.87 միջնակարգ դպրոց» ՊՈԱԿ-ի մանկավարժական խորհուրդը դրական գնահատած է Յակոբ եւ Լութովիքա Այնթէպլեաններու անուամբ դպրոցի անուանակոչութեան առաջարկը։

Փոխքաղաքապետ Գայիանէ Մելքոմ-Մելքոնեան նշած է, որ Յակոբ եւ Լութովիքա Այնթէպլեանները արդէն այդ դպրոցի բարեկամներն են, անոնք մի քանի անգամ օգնած են դպրոցին՝ ընելով գոյքի նուիրաբերութիւն եւ այլն: Ան նաեւ նշած է, որ ամուսինները դպրոցի հետ ընդհանուր ծրագիր ունին, որ հետագային եւս համագործակցութիւն պիտի ըլլայ, ներդրումները շարունակական պիտի ըլլան, կը նախատեսուի դպրոցին մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցում:

Երեւանի աւագանին որոշեց «Երեւանի հ.87 միջնակարգ դպրոց»-ն անուանակոչել «Երեւանի Յակոբ եւ Լութովիքա Այնթէպլեաններու անուան հ.87 միջնակարգ դպրոց» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն: