image

Զելենսքի-Փութին Թուրքիոյ մէջ հանդիպո՞ւմ

Զելենսքի-Փութին  Թուրքիոյ մէջ  հանդիպո՞ւմ

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա չէ բացառած, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հնարաւոր հանդիպումը կրնայ կայանալ Թուրքիոյ մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Սիպիհա այս յայտարարութիւնը կատարած է Քիեւի մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։

Ուքրանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը համոզում յայտնած է, որ միայն պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով բանակցութիւնները կրնան խաղաղութեան գործընթացին նոր շարժ եւ թափ հաղորդել։

Սիպիհա նաեւ յայտարարած է, որ Քիեւ պատրաստ է հրադադարի հաստատման։