Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը շնորհաւորած է Ռուբէն Ռուբինեանը՝ ԱԺ նախագահի թեկնածութեան համար։
«Շնորհաւորում եմ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ իմ գործընկեր Ռուբէն Ռուբինեանը՝ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ։ Չորս տարուան ընթացքին մենք ստեղծեր ենք արդիւնաւէտ աշխատանքային մշակոյթ եւ անկեղծ բարեկամութիւն։ Կը մաղթեմ հետագայ յաջողութիւններ նաեւ նոր պաշտօնին»,- գրած է ան։