image

Դաւիթ Համբարձումեան պիտի շարունակէ, որպէս ընդդիմադիր հանդէս գալ

Դաւիթ Համբարձումեան պիտի շարունակէ, որպէս ընդդիմադիր հանդէս գալ

Ես այդ յանցանքը չեմ գործած, պիտի բողոքարկենք դատարնի որոշումը։ Մեր խումբը երբեք պայքարէն ետ չէ կանգնած։ Ընտրութիւններով ոչինչ աւարտած է, երկրին մէջ յետընտրական գործընթացները, քաղաքական գործընթացները նոր կը սկսին, դատարանի բակին մէջ լրագրողներուն ըսած է Մասիսի նախկին համայնքապետ Դաւիթ Համբարձումեանը։

«Ես մնալու եմ ակտիւ քաղաքական դաշտում, շարունակում եմ աջակցել ընդդիմութեանը։ Ի՞նչ է փոխուել իմ կեանքում, որ ընդդիմութեանը չաջակցեմ։ Ես ընդդիմադիր գործիչ եմ եւ շարունակելու եմ իմ ակտիւ ընդդիմադիր կեցուածքը»,-նշած է Դաւիթ Համբարձումեանը։