image

Ռուբինեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Ալեն Սիմոնեանին

Ռուբինեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝  Ալեն Սիմոնեանին

Կը շնորհաւորեմ իմ գործընկեր Ռուբէն Ռուբինեանը՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան կողմէ Ազգային Ժողովի 9-րդ գումարման նախագահի թեկնածու ընտրուելու կապակցութեամբ: Այդ մասին ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան՝ դիմատետրի էջի միջոցաւ:

«Համոզուած եմ, որ նա պատուով կը շարունակի մեր միասին սկսած գործը, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան»,- նշուած է գրառման մէջ:

Ի պատասխան Ռուբինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է 8-րդ գումարման ԱԺ նախագահի աշխատանքը փայլուն կատարելու համար։

«Շատ շնորհակալ եմ շնորհաւորանքի եւ 8-րդ գումարման ԱԺ նախագահի աշխատանքը փայլուն կատարելու համար»,- ըսած է Ռուբինեանը։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ԱԺ նախագահի թեկնածու ընտրած է Ռուբէն Ռուբինեանը։