«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ համացանցային «Ռատիօ Եան»ի հիմնադիրներէն՝ Ասպետ Հարմանտայեանը։ Նշենք, որ մեր խօսակիցը անցնող օրերուն կը գտնուէր Հայաստան , Գիւմրիի համար նախատեսուած բարեսիրական ծրագիր մը իրականացնելու համար։
-Ի՞նչ նպատակով է, որ այցելեցիք Հայաստան:
Ես ընդհանրապէս տարին անգամ մը կ'այցելեմ Հայաստան, ըլլայ ատիկա ընտանեկան, թէ բարեգործական ծրագրով:
Այս անգամուան այցելութիւնս Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առթիւ մեր կազմակերպած ծրագրին ամփոփումն էր եւ ի գործ դնելը, գետնի վրայ ամբողջացնելով անհրաժեշտ կազմակերպչական եւ թղթապանական գործերը:
Այս էր մեր նպատակը այս անգամուան այցէն՝ դէպի Հայաստան եւ Գիւմրի, որպէսզի այս ծրագիրը իրականացնենք եւ իր վերջնական աւարտին հասցնենք:
Անշուշտ մենք որոշած էինք գալ Գիւմրի, երբ որ ծրագրի անբողջ գումարը արդէն իսկ գոյացած կ'ըլլայ եւ անշուշտ այդպէս ալ եղաւ:
-Արդեօք այս նախաձեռնութիւնը, որուն համար դուք Հայաստան եկաք, շարունակական բնոյթ ունի՞, թէ՞ միայն մէկ անգամուան համար էր:
Նախ ըսեմ , որ Ռատիօ Եան-ը ստեղծուած է բարեգործական ծրագիրով մը, որ իրականացուեցաւ 6 տարի առաջ: Նոյնանման ծրագիր մըն էր, որուն շրջանակէն ներս Հայաստանի մէջ բազմանդամ ընտանիքի մը գումար հայթայթելով, տուն նուիրեցինք եւ այդպիսով 6 տարի առաջ ընթացք առած մեր բարեգործական ծրագիրը մինչեւ այսօր կը շարունակենք տարբեր ձեւերով: Մենք արդէն ամբողջ տարուան ընթացքին ուրիշ աւելի փոքր ծրագիրներ կ'իրականացնենք, ինչպէս օրինակ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ապրող երիտասարդներուն օգնել իրենց համալսարանական ծախսերը հոգալով, որպէսզի այդ երիտասարդները մնան այդ գիւղերուն մէջ:
Այս ծրագիրը մեր երկրորդ մեծ ծրագիրն էր, որ անօթեւան ընտանիքի տուն հայթայթեցինք։ Ըսեմ նաեւ, որ մեր ծրագիրները շարունակական բնոյթ կը կրեն, ինչպէս որ եղած է անցնող վեց տարիներուն ընթացքին:
-Ի՞նչ արձագանգներ լսեցիք ձեր ունկնդիրներէն, որոնք օգնեցին եւ մասնակցեցան, որ այս բնակարանի գնման գումարը հաւաքուի:
Նախ ըսեմ, որ մեր նուիրատուները բոլորն ալ մեր թափանցիկութեան համար վստահեցան մեզի: Նուիրատուները, որոնց թիւը 300 է մեծ վստահութիւն ունին մեր գործին հանդէպ։ Անոնք մեզի վստահեցան շնորհիւ մեր թափանցիկութեան, որ երեւցաւ համացանցի մեր էջին վրայ ու շնորհիւ նաեւ մեր ռատիոյին միջոցաւ եղած յայտարարութիւններուն։ Անշուշտ Ռատիօ Եան-ի վեց տարուան գործունէութեան ընթացքին ապահոված թափանցիկութիւնը եւ բարի համբաւը եւս երաշխիք եղան, որպէսզի մարդիկ մեզ վստահին:
Արձագանգները շատ դրական էին բոլորին կողմէ, բոլորն ալ իրենց ,ըլլայ նիւթական, ըլլայ բարոյական ներդրումը ունեցան, շատեր, որոնք նիւթականով օգտակար չէին կրնար դառնալ, իրենց բարոյական ներդրումը բերին, ըլլան անոնք կազմակերպչական աշխատանքներ, կամ ծրագրի մասին նիւթերու տարածման առումով, որոնք նոյնպէս շատ կարեւոր էին մեր ծրագրի յաջողութեան համար:
Յատկանշական էր նաեւ այն, որ մեր առաջին նուիրատուները եղան Այնճար հայաբնակ գիւղի մեր բարեկամները, որոնք նոյնպէս գիւղին մէջ Գիւմրիի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առթիւ յուշ երեկոյ մը կազմակերպած էին եւ ինծի առաջարկեցին, որ պզտիկ տուփիկ մը դնենք այդ երեկոյին ընթացքին եւ ժողովուրդէն խնդրենք իրենց մասնակցութիւնը բերել նաեւ այս ծրագիրին:
Մեր հանգանակութիւնը եղաւ քանի մը հանգրուանով, որ սկիզբ առաւ երկրաշարժի տարելիցի օրէն ճիշդ մէկ ամիս առաջ, այսինքն՝ 7 նոյեմբերին եւ յատկանշական էր, որ աւարտեցաւ, այսինքն անհրաժեշտ գումարը ամբողջացաւ տարելիցի օրը՝ 7-10 դեկտեմբերի միջեւ:
Ամէնէն մեծ արձագանգը, որ ստացայ մեր նուիրատուներէն այն էր, որ բոլորն ալ ինծմէ սկսան խնդրել, որ նմանատիպ երկրորդ ծրագիր մը սկսիմ, որպէսզի դարձեալ մասնակցին, սա կը նշանակէ, որ այս ծրագիրը իրենց սրտին շատ կը խօսէր եւ կ'ուզէին շարունակական բնոյթ կրէ: Անշուշտ ես ալ պատրաստակամ եմ շարունակելու այս գործը, սակայն այսպէս շատ արագ երկրորդ մը սկսիլը կազմակերպչական առումով քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ, թերեւս գալ տարի եւս այսպիսի ծրագիր մը կազմակերպենք, որ ըլլայ աւելի լաւ կազմակերպուած, աւելի արագ եւ աւելի թափանցիկ:
-Ի՞նչ տպաւորութիւններով հեռացար Գիւմրիէն:
Վերադարձի առումով զգացումներս միշտ նոյնը եղած են ամէն վերադարձի ժամանակ: Շատ դժուար զգացում մըն է, երբ հայրենիքէդ կը հեռանաս, այն հայրենիքը, որուն մէկ մասնիկն ես դուն։Այդ բնօրրանին, լռներուն եւ ժողովուրդին, այդ ամբողջին, իսկ օտարութեան մէջ երթալով կը զգաս, որ սխալ տեղ մըն ես։ Այս է տպաւորութիւնս:
Իսկ ծրագրի հետ կապուած անշուշտ դրական էր զգացումը, որովհետեւ այսպիսի ծրագիրներ ամբողջացնելով, սկզբնական շրջանի «սթրէս»ը, որ ծրագիրը կատարեալ ձեւով աւարտին հասցնելու պատասխանատւութենէն կու գայ, կ'անցնի եւ շատ հանգիստ եւ շատ ուրախ կը վերադառնաս եւ որպէս սփիւռքի մէջ ապրող հայ, գոհունակութեան այդ զգացումը կ'ունենաս, որ դուն կրցար հասնիլ նպատակի մը եւ բան մը ընել քու հայրենիքիդ:
Փափաքս է, որ մեր այս գործը ըլլայ վարակիչ ուրիշներու, որոնք թերեւս աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ունին, բայց կը վախնան բան մը նախաձեռնելու։ Ես իրենցմէ կը սպասեմ աւելի ինքնավստահ եւ նախաձեռնող ըլլալ, որովհետեւ վստահ եմ, Սփիւռքի մէջ կան շատ երիտասարդներ, որոնք կարող են ինծմէ աւելի մեծ բաներ ընելու:
Այստեղ չմոռնամ նաեւ ըսելու, որ մեր ծրագիրը ճշգրիտ եւ լաւագոյն ձեւով իրականացնելու համար ճիշդ գտանք տեղական կազմակերպութեան մը հետ համագործակցիլ, որպէսզի աւելի սահուն ըլլան թղթաբանական հարցերը, ինչպէս նաեւ օժանադակութեան կարիք ունեցող ընտանիքը գտնելու հարցը եւ ատոր համար համագործակցեցանք Գիւմրիի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութեան մը հետ, որ կը կոչուի «Շիրակ կեդրոն»: Այսպիսի գործակցութիւն մը, իմ կարծիքովս, շատ կարեւոր է, երբ սփիւռքեան կազմակերպութիւն մը համագործակցի ուղղիղ Հայաստանի մէջ գտնուող կազմակերպութեան մը հետ, որպէսզի աւելի դիւրին ընթանան գործերը եւ մեծ արդիւնքներու հասնինք:

















