image

«Մեր զինուորը առողջ էր» Յանկարծամահ եղած զինուորի հարազատ

«Մեր զինուորը առողջ էր» Յանկարծամահ եղած զինուորի հարազատ

ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ 9 փետրուարին, նախնական տեղեկութիւններով, յանկարծամահ եղած Վալերի Նելսոնի Պետրոսեանը Ստեփանակերտէն էր։ NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ զինուորի ազգականը պատմած է, որ 2 յուլիսին բանակ զօրակոչուած էր․

«Բանակ զօրակոչուած էր 2 յուլիսին։ Մեծ եղբայր ունէր։ Եղբայրը 2018-ին զօրացրուած էր։  Ստեփանակերտ կ'ապրէր։ Հայրը ազատամարտիկ է․ 1992 թուականին Ֆիզուլիի մէջ վիրաւորուած է, կորսնցուցած է ոտքը»:

 Հարցին՝ առողջական խնդիրներ ունեցա՞ծ է, ի՞նչ կասկածներ ունին՝ ինչը կրնար պատճառ դառնալ, որ յանկարծամահ ըլլար, ան ըսած է․ «առողջ ուղարկեր ենք բանակ։ Չենք հասկնար, թէ ինչու պիտի յանկարծամահ ըլլար»։

Մահացած զինծառայողի ազգականը  նշած է, որ վերջին անգամ մօրը հետ խօսած էր․ «Երէկ խօսած էր մայրիկի հետ, չէ բողոքած, ըսեր է՝ ամէն ինչ լաւ է»։