«Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը այսօր քարոզարշաւը մեկնարկեց Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ մոմ վառելով: ՕԵԿ նախագահ, կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորող Արթուր Պաղտասարեանը նախ կոչ ըրաւ բոլորին վառել «յաջողութեան» մոմեր:
«Այսօրուայ այս մոմավառութիւնը հենց այն նպատակը ունի, որ մենք ազգովի միշտ պէտք է ամուր կառչած մնանք մեր ակունքներից»,-ըսած է ան: Ապա նկատած, որ Հայաստանի մէջ տեղի կ'ունենան գործընթացներ, որոնք կ'առաջացնեն մտահոգութիւն:
«Մենք տեսնում ենք նաեւ ոտնձգութիւն հայ ազգային արժէքների նկատմամբ, հայոց եկեղեցու նկատմամբ, ու մենք՝ որպէս բազմադարեայ քրիստոնէական ազգ, ժողովուրդ, հասարակութիւն, մշտապէս պէտք է ամուր կառչած մնանք մեր արժէքներից: Այսօրուայ խորհուրդը հենց դա է. մենք ուզում ենք սկսել մեր քարոզարշաւը՝ ասելով, որ ՕԵԿ-ն ամուր կառչած է մեր ազգային արժէքներից»,-ըսած է ան:
Ան նշած է, որ բոլորս պէտք է հասկնանք, որ տեղի ունեցած է յեղափոխութիւն, եւ ներկայիս ազգը լրջագոյն խնդիրներու առաջ կանգնած է: «Ութ ամիս անցել է, ութ ամսում 30 տարուայ խնդիրները լուծել հնարաւոր չէ, բայց հնարաւոր է ցոյց տալ, թէ Հայաստանը ինչպէս պէտք է զարգանայ»,-ըսած է ան եւ նշած, որ իրենք այն չեն տեսներ:
Ինչ կը վերաբերի քարոզարշաւի չափանիշներու խախտման, ան ըսած է, որ չուզեր քննադատութեամբ սկսիլ քարոզարշաւը: