image

«Մենք կ'ապրինք նոր Հայաստանի մէջ» ՀՀ նախագահի ուղերձը

«Մենք  կ'ապրինք նոր Հայաստանի  մէջ» ՀՀ նախագահի ուղերձը

25 ապրիլին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը խորհրդակցութիւններ  կատարելէ ետք  քաղաքական ուժերու եւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ ան 26 ապրիլին հանդէս եկած է ուղերձով:

Նախագահը ուղերձին մէջ ըսած է․

«Սիրելի հայրենակից,

Մեր երկրին մէջ վերջին օրերու բուռն զարգացումները աննախադէպ երեւոյթ են: Այն, թէ ինչպէս քաղաքացիական շարժումը կազմակերպուած եւ քաղաքակիրթ զարգացման ճանապարհով վերաճեցաւ համաժողովրդական շարժման, համայն հայութեան համար հպարտութեան առարկայ է:

Հայաստանի պատմութեան մէջ ունինք այլեւս նոր էջ: Մենք կ'ապրինք Նոր Հայաստանի մէջ: Հայաստան, ուր իւրաքանչիւր հայաստանցի եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր ուժն ու եռանդը պէտք է դնէ երկրի զարգացման համար: Հայաստան, որուն մատնացոյց պիտի ընեն աշխարհի մէջ` ժողովրդավարութեան, կառավարման, քաղաքացիական հասարակութեան, մշակոյթի, գիտութեան ու տնտեսութեան զարգացման առումով: Հայաստան, ուր հայը պիտի տեսնէ իր եւ իր սերունդներու ապագան: Հայաստան, որ պիտի սիրէ իւրաքանչիւր հայ` պետական այրն ու շարքային քաղաքացին:

Հայաստան, որ պիտի ըլլայ իմ եւ քու երազանքներու Հայաստանը:

Այս իրողութիւնը ժխտելը քաղաքական կարճատեսութիւն կ'ըլլայ:

Այնպէս, ինչպէս Սերժ Սարգսեանը սթափ գնահատականով բացաւ Նոր Հայաստան տանող դարպասը, նոյն կերպով քաղաքական բոլոր ուժերը, յատկապէս` Ազգային ժողովի մէջ ներկայացուած, պէտք է համերաշխաբար հարթեն այդ ճանապարհը` առաջնորդուելով Սահմանադրութեամբ:

Մենք բոլորս պարտաւոր ենք յաւուր պատշաճի իրագործել այն պատմական առաքելութիւնը, որ մեզի բաժին հասած է, եւ մեր ազգի համար այս բախտորոշ պահուն ընել այդ քայլը: Ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող քաղաքական ուժերը պէտք է միասնաբար երկիրը առաջնորդեն այս ճանապարհով:

Ես համոզուած եմ, որ հազարամեակներու ընթացքին կուտակուած ազգային խոհեմութիւնը թոյլ չի տար շրջանցել այս պատմական պահը:

Հպարտ եմ, որ կը տեսնեմ այսօրուան Հայաստանը, եւ ուրախ, որ պիտի ապրիմ վաղուան հզօր, միասնական, արդար եւ ծաղկող Հայաստանի մէջ:

Բարի լո՛յս, Հայաստան: Բարի լո՛յս, Հայաստանի հպարտ քաղաքացի»: