image

«Մենք բոլորս ի վերջոյ սուրիացիներ ենք». Սոնա Թաթոյեան իր մեծ հօր երազի համար

«Մենք բոլորս ի վերջոյ  սուրիացիներ ենք». Սոնա Թաթոյեան իր մեծ հօր երազի համար

Ամերիկահայ դերասանուհի եւ բեմադրիչ Սոնա Թաթոյեան անցեալ օրերուն այցելութիւն տուած է Հալէպ, ուր յայտարարած է, թէ նպատակ ունի նոր սկիզբ մը դնելու իր մեծ հօրմէն մնացած ժառանգին: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ-Ախպար» պարբերականը, որ զրուցած է Սոնա Թաթոյեանին հետ:

Թաթոյեան պատմած է այն մասին, որ իր մեծ հայրը Աբգար Քնաճեան (1895-1940) հայոց ցեղասպանութեան օրերուն յաջողած է Ուրֆայէն ընտանիքի անդամներուն հետ Սուրիա հասնիլ, իր հետ բերելով մեծ «փայտեայ սնտուկ» մը, որուն մէջ եղած են մեծ հօրը համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող ստուերային թատրոնի կերպարներ:

Թաթոյեան նաեւ կը պատմէ, որ այդ 150-է աւելի կերպարները եղած են իր մեծ հօր ձեռքին գործը, որոնց շնորհիւ իր մեծ հայրը յաջողած է երկար տարիներ իր ընտանիքը հաւաքել եւ ներկայացնել հայկական ժողովրդային պատմութիւններ եւ հեքիաթներ: Աբգարի մահէն ետք այդ փայտեայ սնտուկը, որպէս Ուրֆայէն բերուած սուրբ մասունք, ժառանգաբար անցած էր սերունդէ սերունդ եւ պահպանուած Հալէպի մէջ:

Թերթը նաեւ կը նշէ, որ Սուրիոյ պատրեազմի սկզբնական շրջանին, երբ Թաթոյեաններուն Արիհա շրջանին մէջ գտնուող յայտնի ճաշարանը քարուքանդ եղաւ եւ անկէ ետք պատերազմը հասաւ Հալէպ, Թաթոյեաններու ընտանիքը միացաւ գաղթականներու շարքին: Սակայն վերջերս, Սոնան բոլոր դժուարութիւնները անտեսելով Ամերիկայէն հասաւ իր ծննդավայր Հալէպ, մեծ հօր ժառանգութիւնը վերագտնելու համար:

Թերթը նաեւ նշած է, որ Սոնան կրնար մտածել այս մշակութային մեծ արժէք ներկայացնող «գանձ»ը անաղմուկ կերպով երկրէն դուրս տեղափոխելու մասին, սակայն ան ըսած է. «Հալէպի մշակոյթը բաւականաչափ վնաս կրած է արդէն, եւ ես չեմ կրնար այդ վնասի տոկոսը աւելցնելուն մասնակից դառնալ», շեշտելով, - «Մենք բոլորս ի վերջոյ  սուրիացիներ ենք»:

Թաթոյեան նաեւ ըսած է, որ պէտք չէ միայն խօսիլ Հալէպի պատերազմի մասին, այլ պէտք է դուրս գալ պատերազմական վիճակներէն եւ ստեղծել նորն ու գեղեցիկը: Եւ այդ իսկ պատճառով Սոնան հետամուտ է Հալէպի մէջ ստեղծել յատուկ թատրոն մը, ուր կը ներկայացուին իր մեծ հօր ժառանգութեան մաս կազմող արուեստի մասնիկները: