Պոլսոյ ոստիկանութիւնը կալանաւորած է տասնեակ մարդոց, որոնք ի հեճուկս արգելքի փորձած են մայիսմէկեան ցոյց իրականացնել կեդրոնական հրապարակի վրայ։
Քաղաքի ոստիկանութեան տուեալներով, մօտ 127 մարդ կալանաւորուած է Թաքսիմ հրապարակի վրայ անօրինական ցոյցին մասնակցելու փորձի համար:
AFP-ի թղթակիցները յայտնած են, որ ձերբակալութիւններու ժամանակ ցուցարարներուն կոպտօրէն գամած են ոստիկանական մեքենաներուն, իսկ այդ շրջանին մէջ գտնուող զբօսաշրջիկները նոյնպէս խուզարկուած են։
Քանի մը հազար մարդ, այդ շարքին արհմիութիւններու եւ ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններու անդամներ, կրնային մասնակցիլ Պոլսոյ Պաքիրքոյ շրջանին մէջ պաշտօնապէս հաստատուած միջոցառման:
Պոլսոյ մէջ լարուածութիւնը աճած է 31 Մարտին տեղական ընտրութիւններէն ետք։ Քաղաքապետի պաշտօնին ընտրուած է ընդդիմադիր Ազգային հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլին, սակայն ԱԶԿ-ը պաշտօնապէս պահանջած է կրկնակի ընտրութիւններ։