Անցեալ գիշեր արցախեան սահմանի արեւելեան ուղղութեան ամբողջ երկայնքով հակառակորդը տարբեր զինատեսակներէ, այդ շարքին՝ ինքնաձիգերէ, գնդացիրներէ եւ դիպուկահար հրացաններէ հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտած է շուրջ 40 անգամ, հայկական դիրքերու վրայ արձակելով աւելի քան 700 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ Մարտունիի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը 32 անգամ կիրառած է նաեւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ /ՀԱՆ-17/ եւ ականանետ /8 արկ/, որուն ի պատասխան, հայկական կողմը ձեռնարկած է երկու հակազդիչ քայլ: