ՄԱԿ-ը Սուրիոյ խնդրով եւ առաջին անգամ ըլլալով միաձայնութեամբ որոշում ընդունեցաւ: Նիւ Եորքի մէջ կայացուած ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի անդամ 15 երկիրները միաձայնութեամբ այո քուէարկեցին ՄԱԿ-ի որոշումին: Նշենք, որ ըստ այդ որոշումին Սուրիոյ շուրջ ընթացող քաղաքական բոլոր շփումները պիտի կեդրոնանան երկրին մէջ հրադադար յայտարարելու , որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել փոխանցման կառավարութիւն մը: Ըստ նոյն որոշումին 1.5 տարուան ժամանակաշրջանի մը ընթացքին Սուրիոյ բոլոր քաղաքական կողմերը պիտի մշակեն նոր սահմանդարութիւն, որուն հիմքով երկրին մէջ պիտի կայացուին խորհրդարանական եւ ապա նախագահական ընտրութիւններ: Նշենք, որ Նիւ Եորքի մէջ գումարուաղ ժողովին ատեն խօսքերով հանդէս եկան են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները ինչպէս նաեւ Յորդանանի, Ֆրանասյի Մեծն Բրիտանիոյ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարները:Նշենք, որ հրադադադը պիտի չնեռանէ Տահէշ եւ Ալ Նըսրա ծայրայեղական ճակատաներուն դէմ գործադրուող զինուորական գործողութիւնները: ՄԱԿ-ի տարբեր աղբիւրներ նաեւ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ հակամարտող կողմերը ամրագրելու համար ՄԱԿ-ի այս որոշումը յառաջիկայ Յունուարին ժողով մը պիտի գումարեն Վիեննայի մէջ: