Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի ապագային առնչուող որեւէ փաստաթուղթ ինքնուրոյն չէ հռչակած, որ առնուազն ինքն իրեն համար հասկնայ՝ ինչ է Արցախը, ինչ նպատակներ կան Արցախի ապագայի հետ կապուած,այս յայտարարութիւնը այդքանով կարեւոր էր․ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԱԺ անկախ պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ՀՀ ԱԺ-ն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը, եւ թշնամանքի պատճառով տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմ հրահրուած է, ուր ատրպէյճանական կողմէն օգտագործուած է արգիլուած զէնքեր եւ նշուած է Արցախի ապագային առնչուող թէզեր: Թագուհի Թովմասեանը ընդգծած է, որ մինչ այժմ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը ժամանակ չի գտներ այս յայտարարութիւնը ընդունելու համար:
«Այս փաստաթուղթին իրենց դրական եզրակացութիւնը տուած էին ինչպէս ՀՀ ԱԳՆ-ն, որը մէկ ամսից աւելի է գոյութիւն չունի, իր քուէարկութեամբ համաձայնութիւն էր տուել արտաքին գործերի յանձնաժողովը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան միւս գերատեսչութիւնները, բայց այս փաստաթուղթը չընդունուեց հեռացող խորհրդարանի կողմից»,- նշած է ան: