image
Հրատապ լուրեր:

Լոս Անճըլըս. Մարիամ Սամոնեանցի մահը․ կորուստ մը ամերիկահայ կրթական եւ ազգային կեանքէն

Լոս Անճըլըս. Մարիամ Սամոնեանցի մահը․ կորուստ մը ամերիկահայ կրթական եւ ազգային կեանքէն

Լոս Անճըլըսի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհի, կրթական մշակ եւ Հայ Դատի բազմամեայ գործիչ Մարիամ Սամոնեանցի մահը խոր վիշտով դիմաւորեցին անոր ընտանիքը, հարազատները եւ Մոնթեպելլոյի հայ համայնքը։ Ութ տասնամեակներու իր կեանքով ան իր հետքը ձգեց թէ՛ կրթական ասպարէզին եւ թէ՛ ամերիկահայ ազգային կեանքին մէջ։

Սամոնեանց սերունդներ դաստիարակեց՝ անոնց մէջ ամրացնելով հայ ինքնութեան գիտակցութիւնը, ազգային պատկանելիութիւնն ու պատասխանատու քաղաքացի ըլլալու արժէքները։ Ամուսնոյն՝ Սերժ Սամոնեանցի հետ, ան նաեւ տարիներ շարունակ նուիրումով ծառայեց Հայ Դատի աշխատանքներուն։

Մահազդ

Վաստակաւոր կրթական մշակ, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհի եւ Հայ Դատի բազմամեայ գործիչ Մարիամ Սամոնեանց ոչ եւս է։

Ան իր մահկանացուն կնքեց Երեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2026-ին, 80 տարեկան հասակին։

Անոր մահուան գոյժը «Ֆէյսպուք»ի վրայ կատարած գրառումով հաստատեց անոր որդին՝ Ռաֆֆի Սամոնեանց։

Ռաֆֆի Սամոնեանց իր մօր մասին գրած է, որ ան իրենց ընտանիքին համար եղած է «սիրոյ, ուժի եւ իմաստութեան ամենամեծ աղբիւրը», իսկ համայնքին համար՝ խորապէս յարգուած եւ սիրուած անձնաւորութիւն։

Մարիամ Սամոնեանց երկար տարիներ դասաւանդած է Մեսրոպեան վարժարանին մէջ՝ դաստիարակելով Մոնթեպելլոյի հայորդիներու սերունդներ։ Ան նաեւ իր ամուսնոյն՝ «Ասպարէզ»  պարբերականի  անգլերէն բաժնի նախկին խմբագիր Սերժ Սամոնեանցի կողքին, կարեւոր մասնակցութիւն ունեցած է Հայ Դատի աշխատանքներուն։