Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած է, որ Եմէնի հուսիները կը գործեն ինքնուրոյն եւ Իրանէն հրահանգներ չեն ստանար։
«Հուսիները պատասխանատու են իրենց գործողութիւններուն համար։ Անոնք մեզմէ հրահանգներ չեն ստանար։ Մենք կապեր ունինք տարածաշրջանին մէջ դիմադրութիւն ցուցաբերող ուժերուն հետ՝ հաշուի առնելով այն իրավիճակները, որոնք պարտադրուած են անոնց, սակայն համակարգուած յարաբերութիւններ չկան», ըսած է Փեզեշքիան։
Հարցին, թէ արդեօք Իրան պատրաստ է հրաժարելու 60 տոկոս հարստացուած ուրանէն, Փեզեշքիան դրական պատասխանած է՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը պիտի կատարուի միջազգային իրաւունքի եւ Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագիրի շրջածիրէն ներս։
«Այո՛, միջազգային իրաւունքի շրջածիրէն ներս՝ հիմնուելով Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագիրին վրայ։ Մենք պիտի կատարենք այն ամէնը, որուն պարտաւոր ենք հետեւելու», նշած է Իրանի նախագահը։