Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգին մէջ ռազմական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան 11 ծառայող զոհուած է։
Ինչպէս կը հաղորդէ Սուրիոյ պետական SANA գործակալութիւնը, 18 Սեպտեմբերին պայթում տեղի ունեցած է Տէր Զօրի արեւմտեան հատուածին մէջ՝ Այեաշ բնակավայրին մօտ գտնուող սուրիական բանակի կեդրոնին մէջ։
19 Սեպտեմբերին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կազմակերպած է զոհուած 11 զինուորներու յուղարկաւորութիւնը։
Syrian Observatory for Human Rights-ի վերջին տուեալներով՝ պայթումին հետեւանքով եւս 10 հոգի վիրաւորուած է, կան նաեւ անհետ կորսուածներու մասին տեղեկութիւններ։
Պաշտօնական մարմինները տակաւին չեն յայտնած պայթումին պատճառը։ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով հետաքննութիւն սկսած է։