image

ՄԱԿ-ը Սուրիոյ Հարցով Միաձայնութեամբ Հրադադար Կայացնելու Որոշում Ընդունեց

ՄԱԿ-ը Սուրիոյ Հարցով Միաձայնութեամբ Հրադադար Կայացնելու  Որոշում Ընդունեց

ՄԱԿ-ը Սուրիոյ խնդրով     եւ առաջին անգամ ըլլալով միաձայնութեամբ  որոշում ընդունեցաւ: Նիւ Եորքի մէջ կայացուած ՄԱԿ-ի  ապահովութեան   խորհուրդի անդամ 15  երկիրները միաձայնութեամբ  այո քուէարկեցին       ՄԱԿ-ի      որոշումին: Նշենք, որ ըստ այդ որոշումին     Սուրիոյ   շուրջ ընթացող քաղաքական   բոլոր շփումները պիտի կեդրոնանան երկրին մէջ  հրադադար  յայտարարելու , որմէ ետք   կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել փոխանցման կառավարութիւն մը: Ըստ նոյն որոշումին 1.5      տարուան ժամանակաշրջանի մը ընթացքին   Սուրիոյ բոլոր քաղաքական կողմերը պիտի     մշակեն  նոր սահմանդարութիւն, որուն  հիմքով  երկրին մէջ պիտի կայացուին  խորհրդարանական  եւ ապա  նախագահական ընտրութիւններ: Նշենք, որ    Նիւ Եորքի մէջ գումարուաղ  ժողովին  ատեն  խօսքերով հանդէս եկան  են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար  Պան Քի Մուն Միացեալ Նահանգներու   եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց  նախարարները  ինչպէս նաեւ   Յորդանանի,  Ֆրանասյի Մեծն Բրիտանիոյ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց  նախարարները:Նշենք, որ հրադադադը պիտի չնեռանէ     Տահէշ եւ Ալ Նըսրա   ծայրայեղական  ճակատաներուն դէմ   գործադրուող զինուորական   գործողութիւնները:   ՄԱԿ-ի տարբեր աղբիւրներ նաեւ  հաղորդեցին, որ     Սուրիոյ հակամարտող  կողմերը  ամրագրելու համար ՄԱԿ-ի այս որոշումը յառաջիկայ Յունուարին    ժողով մը պիտի  գումարեն Վիեննայի մէջ: